Կազմակերպութեամբ Քէպէքի Հայ համայնքի միացեալ մարմնի, Շաբաթ՝ 22 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահէն ներս նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ ամեակը:
Քէպէքի Հայ համայնքի միացեալ մարմնի կողմէ բացման խօսքը կատարեց տիար Գրիգոր Թաթուլեան, ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ապա բեմ հրաւիրեց Հ.Բ.Ը.Միութեան Ալեք Մանուկեան վարժարանի երգչախումբի ղեկավար՝ Արթուր Մարկոսեան սկսելու համար օրուան գեղարուեստական յայտագիրը: Ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Գանատայի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգները երգչախումբի մանուկներու շուրթերէն, ապա երգչախումբի մանուկները ներկաներուն ներկայացուցին ազգային եւ հայրենասիրական երգերու փունջ մը, որ արժանացաւ ներկաներուն բարձր գնահատանքին:
Գեղարուեստական յայտագրին մաս կը կազմէր գաղութիս հանրածանօթ ասմունքող տիար Վարդգէս Քիւփէլեան. ան իր իւրայատուկ ոճով ներկաներուն հրամցուց Աւետիս Ահարոնեանի «Յարգանք Քեզ» երկարաշունչ արձակ բանաստեղծութիւնը, ուր ներկաները լարուած վիճակով ունկնդրեցին եւ գնահատեցին ասմունքողի կատարողութիւնը:
Ապա հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց այս առիթով Հայաստանէն ժամանած հանրածանօթ եւ սիրուած երգիչ՝ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ նաեւ ծանօթ է «Մակիչ» անունով, ուր ազգային եւ ժողովրդական երգերու մեկնաբանութեամբ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց:
Ազգային երգերուն լաւագոյն յաջորդողը եղաւ փունջ մը բանաստեղծութիւնները համադրութեամբ եւ կատարողութեամբ դարձեալ գաղութիս ծանօթ ասմունքող Օր. Շուշան Մելքոնեանի: Ներկաները անբաւարարուած կը լսէին Մէլքոնեանի յատուկ ոճով մեր հսկաներու կողմէ մշակուած բառերը, որոնք դարձեալ բարձր գնահատեցին Շուշանի կատարողութիւնը:
Խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ երբ բեմ բարձրացաւ Համազգայինի «Անի» պարախումբը:
Ժամը հասած էր լսելու օրուան պատգամը, երբ հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Գանատայի մօտ Հ. Հ. Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Լեւոն Մարտիրոսեանը, որ ներկայացնէ իր պատգամը: Տիար Մարտիրոսեան գնահատական խօսքերով ողջունեց միացեալ այս տօնակատարութիւնը, որ կը ցոլացնէ Հայրենիքի միաւորող արժանիքը աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդին, եւ շեշտեց կարեւորութիւնը թէ Հայաստանն ու Հայ Սփիւռքը զիրար ամբողջացնող եւ իրարմով զօրացող բաժիններ են:
Յաջորդեց Մկրտիչ Մկրտիչեանի կատարողութեամբ երկու հայրենասիրական երգեր՝ «Անդրանիկի Երգը» եւ «Պատերազմ էք գնում, բարով գնացէք», խանդավառելով բոլոր ներկաները:
Շնորհաւոր տարեդարձ Հայաստանի հանրապետութեան եւ շնորհաւորութիւններ Քեպէքի Հայ համայնքի միացեալ մարմնի անդամներուն, որոնք ժամանակ առ ժամանակ այսպիսի միասնականութեամբ եւ մեծ յաջողութեամբ կ’իրագործեն պատուաբեր ձեռնարկներ: