Հայաստանի անկախութեան 27-ամեակին առիթով Ուրբաթ՝ 21 Սեպտեմբեր 2018-ին, Օթթաուայի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կազմակերպած էր յատուկ միջոցառում։ Ընդունելութեան ներկայ էր Գանատայի թէմի առաջնորդ՝ Տէր Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան, նոյնպէս ներկայ էին զանազան երկիրներու դեսպաններ եւ գանատացի քաղաքական դէմքեր, հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք եկած էին իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցելու Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ տիար Լեւոն Մարտիրոսեանին։ Դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան ներկաներուն բարի գալուստի խօսքէն ետք նշեց Հայաստանի եւ Գանատայի յառաջիկայ համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ զարգացնելու հնարաւորութիւնները։
Տեղին է յիշել, որ միջոցառման ներկայ էին նաեւ Գանատայի ՌԱԿ Էօժէն Բաբազեան վարչութեան ատենապետ տիար Արա Պալեան եւ ՌԱԿ Ամերիկայի եւ Գանատայի կեդրոնականի անդամ՝ տիար Հրաչ Թորիկեան, որոնք ընդունելութեան ընթացքին իրենց եւ կուսակցութեան շնորհաւորանքները փոխանցեցին դեսպանին։