Հայաստանի Գրողներու միութեան 85-ամեակին առիթով, Նոյեմբեր 29-ին, միութեան տան մէջ բացուեցաւ ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած են դասական եւ ժամանակակից գրողներու անհատական, խմբակային լուսանկարներ:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ ՀԳՄ նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան ըսաւ, որ 85 տարուան ընթացքին միութեան անդամները մասնակցած են բազմաթիւ ձեռնարկներ, եղած են տարբեր վայրերու մէջ ու անմահացուցած են իրենց յիշողութիւնները խմբակային լուսանկարներով նաեւ, որոնք ներկայացուած են ցուցահանդէսի:
Խօսելով գրողներու միութեան կարեւոր դերին մասին` Միլիտոնեան ըսաւ, որ ան կ՝իրականացնէ բազմաթիւ գործառոյթներ: «Մենք «Գրական թերթ»-ի միջոցով կը բացայայտենք շնորհալիները, իսկ «Գրեթերթ»-ի միջոցով հարթակ կը տրամադրուի երիտասարդ ստեղծագործողներուն: Կ՝իրականացուին հանդիպումներ, քննարկումներ, գրողներու հետ զրոյցներ: Մեր մօտ կը գործէ «Ցոլքեր» խումբը, ուր երիտասարդ գրողներու հետ կ՝աշխատին աւագները»,- շեշտեց միութեան նախագահը:
Ան նշանակալի համարեց թարգմանական գրականութեան զարգացումը, միջազգային հարթակներու վրայ հանդէս գալու, տարբեր կազմակերպութիւններու, այլ երկիրներու գրողներու միութիւններու հետ աշխատանքը, ընթերցողներու հետ հանդիպումները:
«Մեզի համար առաջնահերթ է գրական մթնոլորտի պահպանումը, եւ պէտք է շեշտեմ, որ իւրաքանչիւր գրող իր ստեղծագործական աշխարհով, ներկայութեամբ ուրոյն երեւոյթ է»,- եզրափակեց ան:
Ցուցահանդէսը դիտելէ ետք՝ ներկաները մասնակցեցան պոէզիայի ցերեկոյթին, ուր ներկայացուեցան հետաքրքրական եւ բազմաբովանդակ բանաստեղծութիւններ: