Նախաձեռնութեամբ 27ամեակի տօնակատարութեան Թորոնթոյի միացեալ մարմնի (Սոցիալ Դեմոկրատ, Հայ Յեղափոխական, Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւններու, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք., Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք., Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ, Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր եւ Հայ Օգնութեան միութիւններու):
Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց անկախութեան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 21 Սեպտեմբեր 2018, երեկոյեան ժամը 8.30ին հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Գանատայի մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ն. Գ. Լեւոն Մարտիրոսեանի, ներկայ էին եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ թորոնթոհայ բազմութիւն մը, ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները:
Յանուն 27-ամեակի տօնակատարութեան միացեալ մարմնին, բացման խօսքով հանդէս եկաւ պրն. Յարութ Տօնոյեան, որ յաջողութեամբ վարեց հանդիսութիւնը:
Տօնակատարութեան այս ուրախ առիթով ան շնորհաւորեց զոյգ հանրապետութիւնները:
Գեղարուեստական առաջին բաժնին մէջ համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը ներկայացուց «Երեւան», «Տուն իմ հայրենի» եւ «Հայաստան Ասիլիս» մեներգեցին Մինէ Ծատուրեան եւ Սեւակ Յարութիւնեան, ղեկավարութեամբ տիկ. Հռիփսիմէ Տէմիրճեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ պրն. Վանիկ Յովհաննիսեանի, յաջորդաբար ասմունքեցին՝ Վանա Գազանճեան Յովհաննէս Շիրազի «Կտակ» եւ Մատլէն Սահակեան Գէորգ Էմինի «Սասունցիների պարը», որոնք ողջունուեցան գնահատանքի ծափահարութիւններով:
Օրուան բանախօսը, Հ.Օ.Մ.ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն պրն. Ռաֆֆի Սարգիսեան, շնորհաւորելէ ետք ներկաները անկախութեանց 27ամեակին առթիւ, անդրադարձաւ անցեալի եւ ներկայի նուաճումներուն մասին եւ տուաւ պատմական նշմարներ, բանախօսին ելոյթը գնահատուեցաւ ջերմ ծափահարութեամբ:
Գեղարուեստական երկրորդ բաժնին մէջ համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբը բեմադրութեամբ Դաւիթ եւ Մանուկեաններու եւ Արեւիկ Մարտիրոսեանի, ներկայացուց «Քոչարի» եւ «Ազգագրական պարերը, որոնք խանդավառեցին ներկաները: Դալար Սիմոնեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Վրէժ Ղազարեանի մեներգեց «Երեւանս» եւ «Մատիկի երգը» որ կրցաւ ներկաներուն փոխանցել երաժշտական հաճելի մթնոլորտ մը:
Հանդիսավարը իր փակման խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց օրուայ բանախօս պրն. Ռաֆֆի Սարգիսեանին իր շահեկան խօսքերուն համար, ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագրին մաս կազմող իւրաքանչիւր անհատի եւ ներկայ հանդիսատեսներուն:
Հոգ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէքեան, գնահատեց միացեալ յանձնախումբի համերաշխ եւ գործակցութեան ոգին, Հայր Սուրբի պահպանիչով աւարտին հասաւ սոյն տօնակատարութիւնը: