Հայաստանի զբօսաշրջիկները այս տարի նախորդ տարուան համեմատ ծախսած են մօտ 120 միլիոն տոլար աւելի գումար

Այս տարուայ առաջին 6 ամիսները նկատի առնելով, Հայաստան ժամանած զբօսաշրջիկներու թիւը տպաւորիչ աճ արձանագրած է: Այս մասին իր Ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանը:

Բոլոր երկրներէն ժամանած զբօսաշրջիկներու թիւը որոշակի տոկոսներով բարձրացած է, սակայն Գերմանիոյ, Չինաստանի եւ Հոլլանտայի զբօսաշրջիկներու տոկոսը աւելի ակնյայտ է այս շրջանին:

«Ընդհանուր առմամբ առաջին կիսամեակին ունինք զբօսաշրջութեան 12,8 տոկոս աճ: Կեդրոնական դրամատան հաշուարկներով այս տարի նախորդ տարուայ  համեմատ զբօսաշրջիկները Հայաստանի մէջ  ծախսած են մօտ 120 միլիոն տոլար աւելի գումար: ՀՀ իւրաքանչիւր քաղաքացի կարող է այս գումարէն  իր բաժինն ունենալու յայտ ներկայացնել: Նաեւ կ’ուզեմ յիշեցնել, թէ ինչքան կարեւոր է պատշաճ ծառայութիւններ մատուցելը զբօսաշրջիկներուն, որպէսզի անոնք լաւ տպաւորութիւններով հեռանան Հայաստանէն եւ բարձրացնեն մեր երկրի ճանաչելիութիւնն ու վարկը  ողջ աշխարհով»,-նշած է Նիկոլ Փաշինեանը: