24 Սեպտեմբերին, Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան հովանաւորութեամբ, Երեւանի Գաբրիէլ Սանդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնի մէջ ներկայացուեցաւ նախկին Իսթանպուլահայ, ներկայիս Գանատաբնակ նշանաւոր երգահան Մաժակ Թօղիկեանի կողմէ հայաստանցի բանաստեղծ Գէորգ Էմինի բանաստեղծութեան բառերուն վրայ յօրինուած «Սասունցիներու պար»ի աշխարհի առաջին ունկնդրութիւնը:
Մաժակ Թօշիկեան իր այս նոր ստեղծագործութեան մէջ ազգային աւանդական պարը վարպետօրէն ու ներդաշնակութեամբ եղբայրացուցած էր ժամանակակից պարին հետ, երաժշտական կալուածէ ներս նորարարական շարժումի մը առաջնորդը հանդիսանալով: Իր այս իրագործումը, որ մեր ժողովուրդի մշակութային ժառանգութիւնը հարստացնելու, նաեւ մասնաւորաբար երաժշտական նոր տարազ մը, նորարարութեան գծով՝ փոթորկում ստեղծելու նպատակը կը հետապնդէր, արձանագրեց աննախընթաց յաջողութիւն:
Սրահը կը յորդէր երաժշտասէր ժողովուրդով: Հայաստանցիներու կողքին, ներկայ էին Գանատայէն, Ամերիկայէն, Իսթանպուլէն, Եւրոպական երկիրներէն Հայաստան արձակուրդի եկած բազմաթիւ արուեստասէրներ:
Օրուան հանդիսավարն էր բեմական փայլուն կարողութիւններով օժտուած մեր համայնքի արժէքաւոր տարրերէն՝ Գարոլին Մամիկոնեան, որ յաջողապէս վարեց հանդէսը: Ան նախ ներկայացուց Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու պար» բանաստեղծութենէն ցնցիչ եւ դիպուկ հատուածներ, արժանանալով ծափերու: Ապա յայտնեց որ այս ձեռնարկը իրենց համար ունի կրկնակի նշանակութիւն եւ բարձր արժէք, քանի որ ան ձօնուած է Հայաստանի անկախութեան 27-րդ. տարեդարձին, որ բարձր պատիւ է իրենց համար: Կարեւորութեամբ շեշտեց որ այս ստեղծագործութեամբ օրակարգի կը բերուին բոլոր այն ապրումները, որոնք անցեալի մէջ գունաւորեցին մեր աշխարհը եւ յետոյ մեր մշակոյթին անկորչելի մասնիկը դարձան:
Այնուհետեւ հանդիսատեսները անձնատուր եղան երաժշտական խնջոյքի մը, որ կոչուած է երկար ատեն անջնջելի մնալու յիշողութիւններէ ներս:
Երեկոյին մասնակցեցաւ «Նարեկ» պարային համոյթը, համաշխարհային տարողութեամբ հռչակաւոր գեղարուեստական ղեկավար Արման Ջուլհակեանի, եւ Արա Ասատուրեանի մականին տակ, որոնք «Սասունցիներու պար»ը կեանքի կոչեցին արտասովոր նորութիւններով եւ հասկացողութեամբ, պարն ու երաժշտութիւնը շաղկապելով իրարու՝ արդիական մեկնաբանութեամբ:
Գլխաւոր պարողը՝ պետական արուեստագէտ՝ Սեւակ Աւետիսեան, իր ներկայացուցած պարերով, ժողովուրդին հպարտութիւն պատճառեց, ապացուցանելով որ ան համաշխարհային չափանիշով բարձրամակարդակպարող մըն է: Իրենց սքանչելի պարերով ներկաներուն հպարտութիւն պատճառեցին նաեւ 7 տարեկանէն մինչեւ 35 տարեկան անձերէ կազմուած պարախումբի անդամները, որոնք թէ’ մարմնական եւ թատերական պատկերներ բնութագրեցին անհաւատալի յաջողութեամբ:
Ելոյթին միացան «Արմեններ» հարուածային գործիքներու անդամները, գեղարուեստական ղեկավար՝ Գ. Թամրազեանի եւ Ա. Դաշեանի ղեկավարութեամբ, որոնք իրենց շատ տպաւորիչ ու ազդեցիկ նուագով մեծ բաժին ունեցան ձեռնարկի յաջողութեան մէջ:
Համոյթին կը մասնակցէին նաեւ հաշմանդամ անձերէ կազմուած «Փարոս» երգչախումբի անդամները, որոնց ներդաշնակ, հրաշալի մեկնաբանութիւնը՝ յուզախառն ապրումներով, խորապէս տպաւորիչ էր եւ մեծ ազդեցութիւն կը գործէր հոգիներէ ներս:
Ստեղծագործութեան մենակատարն էր երգչուհի՝ Գոհար Յովհաննէսեան որ թէ’ իր հոյակապ ձայնով, թէ’ իր բեմային կարողութիւններով եւ թէ’ իր արտակարգ գեղեցկութեամբ, հիացում պատճառեց:
Յայտագրի ընթացքին ելոյթ ունեցան նաեւ Հայաստանցի վաստակաւոր արուեստագէտ Սեւակ Աւետիսեան, Մելինէ Առաքելեան, Նարինէ Ասոյեան, Մարիամ Զայանեան:
Տարազներու պատասխանատուն էր Մարինա Աւետիսեան, որ աւանդական եւ արդիական տարազներու ներդաշնակ միացումը կատարելով, հանդիսատեսներու գնահատանքին արժանացաւ:
Վերջաւորութեան, բեմ եկաւ ծրագրի ընդհանուր կազմակերպիչը՝ Գրիգոր Խաչատուրեան, որ արժանացաւ երկարատեւ ծափերու:
Սփիւռքի Նախարար՝ Մխիթար Հայրապետեան չէր կրցած ներկայ գտնուիլ այս ձեռնարկին, արտասահման այցելութեան պատճառով:
Իրեն փոխարէն, ծափերու տարափին տակ բեմ եկաւ Սփիւռքի Փոխնախարար՝ Դաւիթ Սարգսեան, որ փոխանցեց Նախարար Մխիթար Հայրապետեանի ողջոյնի խօսքը, որուն մէջ յարգելի նախարարը կը յայտնէր թէ «Սասունցիներու պար»ը խտացումն է մեր հաւաքական կեանքի դրսեւորումին, որուն մէջ երաժշտութեան եւ պարի միջոցով հանդիսատեսին կը փոխանցուի հայ մարդու կորովը, հպարտութիւնը, ուժը եւ վստահութիւնը:
Փոխնախարարը ապա բեմ հրաւիրեց օրուան հերոսը՝ Մաժակ Թօշիկեանը, որուն յանձնեց Նախարարութեան յուշանուէրը: Սրահի բոլոր ներկաները ոտքի կանգնած՝ անվերջանալի ծափերով ողջունեցին մեր երաժշտութեան այս արժէքաւոր վարպետը:
Փոխնախարարը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի բոլոր մասնակիցներուն:
Այնուհետեւ բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան մասնակցելու քօքթէյլի մը, որու ընթացքին օրուան արժեւորումը կատարեցին:
Այս առիթով «Արմենիա» հեռատեսիլի կայանը լայն հարցազրոյց մը կատարեց Մաժակ Թօշիկեանի հետ: Թօշիկեան պատասխանելով հարցումներու, յայտնեց թէ «Սասունցիներու պար»ը թէ’ երաժշտական յօրինումի, թէ’ պարային ներկայացման տեսակէտէ որդեգրած է նորութիւններ եւ արդիականացում: Ժողովրդային պարի փոխարէն նախընտրութիւն տրուած է արդիական պարին: Իր նպատակը եղած է իգական սեռէն մենակատար ընտրելով, շուարումի մատնել հանդիսատեսը եւ այս ձեւով, ներկայ դարուն պահանջներուն համապատասխան կերպով՝ արդիական հասկացողութիւնները եղբայրացնել աւանդական ժառանգութիւններու հետ:
Արձանագրուած այս յաջողութեան առիթով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք տաղանդաւոր յօրինող Մաժակ Թօշիկեանը, շնորհալի հանդիսավար Գարոլին Մամիկոնեանը, հանդէսին մասնակից Հայաստանցի պարախումբի անդամները, նուագածուները, բեմադրիչները, տարազներու հեղինակը եւ բոլոր անոնք, որոնք դեր ունեցան այս անօրինակ յաջողութեամբ գործի ներկայացման մէջ:
Կը հաղորդուի որ այս ձեռնարկը 13 Հոկտեմբերին պիտի ներկայացուի նաեւ Կիւմրիի Վ. Աճէմեան պետական թատրոնի մէջ:
Ցանկալի է անշուշտ որ «Սասունցիներու պար»ը ներկայացուի նաեւ Իսթանպուլի մէջ, նկատի առնելով մանաւանդ որ Մաժակ Թօշիկեան Իսթանպուլահայ է եւ երաժշտական կալուածէ ներս իր հսկայական գործերով պատիւ կը բերէ մեր համայնքին:
Մ. Պ. Յ.
«ՄԱՐՄԱՐԱ»