Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Զուիցերիա կատարած այցի ծիրին մէջ Ցիւրիխի մէջ աշխատանքային ճաշի ձեւաչափով հանդիպում ունեցած է հայկական համայնքի շարք մը ներկայացուցիչներու հետ:
Նախագահը ներկաներուն մանրամասնութիւններ յայտնած է Հայաստանի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքներուն ու ելակէտերուն, ընդհանուր իրողութիւններուն վերաբերեալ:
Իր խօսքին մէջ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան անդրադարձած է հարաւ կովկասեան տարածաշրջանի զարգացումներուն, հարեւաններու հետ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ իրադրութեան: Այս առումով նախագահը ներկայացուցած է Հայաստանի մօտեցումներն ու դիրքորոշումները՝ տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու, հարեւաններուն եւ գործընկերներուն հետ փոխվստահութեան մթնոլորտ ու փոխշահաւէտ համագործակցութիւն ձեւաւորելու հեռանկարներուն վերաբերեալ:
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Վահագն Խաչատուրեան անմիջական մթնոլորտի մէջ զրուցած է համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, պատասխանած է անոնց հետաքրքրող հարցումներուն:
Հայաստանի նախագահը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է մասնաւորապէս Հայաստանի տնտեսական կեանքին մէջ առկայ զարգացումներուն, երկրի պաշտպանունակութեան բարձրացման ուղղութեամբ իշխանութիւններու եւ կառավարութեան ձեռնարկած քայլերուն ու ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացման վերաբերեալ:
Նախագահը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներու ընկերային եւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան միջոցառումներուն ու ծրագրերուն, ապա պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն նշած է հայաստանեան իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած այն բոլոր հիմնական ուղղութիւններն ու սկզբունքները, որոնք դրուած են տեղահանուածներու հիմնախնդիրներու ամբողջական լուծման հասնելու նպատակին: