UNESCO-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ ընդգրկուած Անի այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը՝ ձմրան ամիսներուն՝ եռապատկուած է։ Իբրեւ «Աշխարհի քաղաք», «Քաղաքակրթութիւններու օրրան», «Հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք» եւ «Քառասուն դարպասներու քաղաք» յայտնի Անին կը գրաւէ ու կը հիացնէ թէ՛ արտերկրէն, թէ՛ Թուրքիոյ տարբեր նահանգներէ եկած հիւրերը։ Մասնաւորապէս մեծ է «Արեւելեան էքսփրէս» («Dogu Ekspres») կոչուող Անգարա-Կարս երկաթուղիով Անի ժամանող զբօսաշրջիկներուն հոսքը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Mynet.com-ը։
Երթուղին, որոշ դադարէ ետք, վերագործարկուած է 2018-ի Դեկտեմբերին, ուղեւորութեան ընդհանուր տեւողութիւնը Անգարայէն մինչեւ Կարս կը տեւէ գրեթէ 25 ժամ։ Հակառակ անոր՝ զբօսաշրջիկները մեծ հաճոյքով կ՝օգտուին այս գնացքէն՝ պատմական քաղաքը այցելելու նպատակով։
«Արեւելեան էքսփրէս»-ով Կարս եկած զբօսաշրջիկներուն Մերվէ Քարաճան կը նշէ, որ շատ կը հաւնի Կարսը եւ կը փափաքի կրկին այցելել։ «Գնացքով շուրջ 25 ժամ տեւող ուղեւորութիւն մը կատարած ենք եւ շատ գոհ ենք։ Ես չէի սպասեր, որ Կարսը այսքան գեղեցիկ է։ Իսկ յատկապէս Անիի մասին կը մտածէի, թէ անիկա ամբողջովին աւերակ է։ Սակայն, դեռ շատ կանգուն կառոյցներ կան։ Այս կառոյցներու՝ երկար տարիներ շարունակ կանգուն մնալուն հանգամանքը մեր վրայ մեծ տպաւորութիւն գործեց, հիացած ենք»։
Անին առաջին անգամ այցելող զբօսաշրջիկները ափսոսանք կը յայտնեն, որ աւելի կանուխ չեն եղած այստեղ եւ կոչ կ՝ընեն բոլորին՝ այցելելու Անի։ Զբօսաշրջիկները յատկապէս կը հիացնեն Անիի Մայր տաճարն ու Ամենափրկիչ եկեղեցին, Տիգրան Հոնենցի եկեղեցին, Ապլղարիպ Պահլաւունիի եկեղեցին։
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանին՝ Կարսի Արփաչայ շրջանի հարեւանութեամբ գտնուող Անին 961-1045թթ․ եղած է Բագրատունիներու մայրաքաղաքը։ Անիի մէջ առաջին բնակիչներուն մասին վկայութիւնները կը վերաբերեն Ք․Ա․ երրրորդ հազարամեակին։ Պատմական քաղաքը, տարբեր ժամանակներու, գտնուած է Սասանեաններու, Շադադեաններու, վրաց աթաբեկներու, Խորեզմի (Հարզեմշահ) պետութեան, սէլճուկներու, մոնկոլներու, կարակոյունլուներու, ակկոյունլուներու, օսմանեան եւ ռուսական կայսրութիւններու տիրապետութեան ներքոյ։
Անիի աւերակները 2012-ին ներառուած են UNESCO-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ժամանակաւոր ցանկին վրայ, իսկ 2016 Յուլիս 15-ին՝ UNESCO-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին։