Փոքր երկիրներու համար յաջողութեան ճանապարհը հեշտ չէ: Մարդկութեան ապագան արուեստագիտութիւնն է. բոլորը գիտեն այդ մասին: Սակայն ինչպէ՞ս հսկայական շուկային մէջ ունենալ սեփական մասնաբաժին, երբ պէտք է մրցակցիս այնպիսի երկիրներու հետ, ինչպիսին են Միացեալ Նահանգները, Չինաստանը, Եւրամիութիւնը եւ Հնդկաստանը, կը գրէ հանրայայտ TechCrunch-ը` անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող WCIT ՏՏ համաժողովին:
Ինչպէ՞ս կառուցել զարգացած էքոհամակարգ, ինչպէ՞ս ստեղծել սեփական թեխնոլոկիական աղբիւրներ, ինչպէ՞ս ապահովել որակեալ թեխնոլոկիական կրթութիւն եւ ի վերջոյ, ինչպէ՞ս ստեղծել ներդրումներ ապահովող յաջողակ միջազգային պիզնեսներ գործեր կամ սթարթափներ, երբ ստիպուած ես յաղթահարել շարք մը մարտահրաւէրներ՝ փոքր բնակչութիւն, սահմանափակ դրամագլուխ եւ ուղեղներու արտահոսք: Նոյնիսկ Քանատայի նման բարեկեցիկ երկիր մը երբեմն ստիպուած է նման մարտահրաւէրներ յաղթահարել:
«Այժմ պատկերացուցէք թէ ինչ խնդիրներ ստիպուած է յաղթահարել, օրինակ, Հայաստանի նման երկիր մը, ուրկէ ալ այժմ կը գրեմ այս յօդուածը: 3 միլիոն բնակչութիւն ունեցող, նախկին ԽՍՀՄ անդամ պետութիւն Հայաստանը շրջապատուած է թշնամի պետութիւններով»,- կը գրէ յօդուածագիր Ճոն Էվանսը:
Հայաստանը այս օրերուն կը հիւրընկալէ աշխարհի խոշորագոյն ՏՏ համաժողովներէն մէկը` WCIT-ն, որու գլխաւոր նպատակներէն մէկը, երկրին համար, ենթադրաբար աշխարհի ուշադրութիւնը դէպի Հայաստան կեդրոնացնել եւ ներդրումներ ներգրաւելն է:
«Վերը նշուածը շատերու համար թերեւս անհաւանական թուի, սակայն Հայաստանը կը յաւակնի նախկին ԽՍՀՄ տարածքի «Սիլիքոնեան հովիտը» դառնալ, իսկ երկրի թեխնոլոկիական ոլորտը ակնյայտ դեր խաղցած է նախորդ տարուայ «թաւշեայ յեղափոխութեան» կայացման հարցով: Այնուամենայնիւ, Հայաստանը կը շարունակէ մնալ աշխարհին քիչ ճանաչելի երկիրը: Այս երկիրը, սակայն, հիասքանչ զէնք մը ունի, հայկական սփիւռքը»,- կը գրէ ան:
20-րդ դարուն հայերու հետ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքերը պատճառ հանդիսացան այժմեան հայկական մեծ սփիւռքի գոյացմանը: Աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ աւելի շատ հայեր կ’ապրին, քան բուն երկրին մէջ, կը գրէ ան: Հազարաւոր հայեր կ’ապրին Միացեալ Նահանգներ, գլխաւորապէս Լոս Անճելոսի մէջ: Միացեալ Նահանգներու հայկական սփիւռքը ամենամեծ եւ ամենազարգացած սփիւռքեան գաղթօճախներէն մէկն է: Դժուար գտնուի հայաստանցի մը, որ Միացեալ Նահանգներու կամ Ռուսաստանի մէջ ազգական կամ գոնէ հեռաւոր ընկեր չունենայ, կ’աւելցնէ Էվանսը:
Այս անսովոր սփիւռքեան ցանցի գոյութեան արդիւնքը աւելի քան ակնյայտ է. ան միջազգային ընկերութիւններու, համալսարաններու, սթարթափերու ուշադրութիւնը կ’ուղղէ դէպի Հայաստան, ինչ որ կը նշանակէ, որ Հայաստանը սոսկ 3 միլիոն բնակչութիւն ունեցող «թաքնուած» պետութիւն չէ. ան 10 միլիոննոց սփիւռքի անդադար բաբախող մշակութային զարկերակն է, սփիւռքի, որ անխուսափելիօրէն, սակայն ռազմավարական առումով նպաստաւոր կերպով յայտնուած է աշխարհի տարբեր կէտեր: Անսովոր է, սակայն իրականութիւն, կը գրէ ան:
Այժմ, երբ թեխնոլոկիան կը խզէ երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմանները, կրնա՞ն երկիրներ կամ մարդոց որոշակի խումբեր ատկէ առաւելագոյն օգուտ քաղել, դառնալով աւելի ուժեղ թէ՛ մշակութային առումով, թէ՛ քաղաքականապէս եւ թէ՛ տնտեսապէս: Հայկական սփիւռքը կարծես կը փորձարկէ այս հնարաւորութիւնը:
«Այս փորձը ցոյց կու տայ, արդեօ՞ք այս «գաղտնի» զէնքը կ’օգնէ Հայաստանին շարժելու առաջ եւ աւելի ծանրակշիռ տեղ գրաւելու թեխնոլոկիական, զբօսաշրջային եւ երկրի համար ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող այլ ոլորտներու մէջ: Եթե նշուածը իրականութիւն դառնայ, իսկ ես յոյս ունիմ, որ այդպէս ալ կ’ըլլայ, հետաքրքիր է` ալ որո՞նք կը կիրառեն այս փորձը կամ արդեօք առանձին համայնքներ կը յաջողին նման կերպով պահպանել կապը հայրենի երկրի հետ»,- կ’եզրափակէ ան: