Հայկական Ucraft սկսաւ գործակցիլ Google-ի հետ

Հայկական տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի յառաջատարներէն Ucraft-ը սկսած է գործակցիլ Google-ի հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ “ՓանԱրմինիըն”։

Գործակցութեան իբրեւ արդիւնք Ucraft-ի «Ուայթ լէյպըլ» լուծումը հասանելի դարձած է Google Marketplace-ի օգտատէրերուն համար՝ կարելիութիւն տալով անոնց ունենալ կայքէջներու իրենց գործարարութիւնը՝ սեփական մակնիշով։

Այս կարելիութենէն օգտուելու առիթ ունին շարք մը յառաջատար ընկերութիւններ, որոնց կարգին՝ Mail.ru Group-ը, պուլկարական մեծագոյն ընկերութիւններէն Superhosting-ը, հայաստանեան մեծագոյն տեղեկատուական արհեստագիտութեան ընկերութիւններէն SoftConstruct-ը եւ այլն։

Առաջարկուող փաթեթները նախատեսուած են ազատ ժամով աշխատողներուն, ինչպէս նաեւ ձեւագիտական, առեւտրական եւ ծրագրաւորման ծառայութիւններ իրականացնող ընկերութիւններուն համար։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կարելիութիւն կու տայ ստեղծել համապատասխան թիւով կայքեր, նախագծել եւ վերավաճառել զանոնք սեփական մակնիշին տակ՝ ամսական 99 տոլարէն սկսեալ։

Առաջարկէն օգտուելու համար անհրաժեշտ է մուտք գործել Google Marketplace, ընտրել համապատասխան փաթեթը, բաժանորդագրուիլ՝ ստեղծելով սեփական ծրագիր եւ վերջ։

Առաջարկուող ծառայութիւններու, փաթեթներու եւ գիներուն մասին կարելի է աւելի մանրամասն տեղեկութիւն ստանալ Ucraft-ի պաշտօնական կայքէն։