ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 104-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՄԱԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՄԷՋ

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցի Մոնթրէալի մէջ համագաղութային նշումը տեղի ունեցաւ Կիրակի՝ 28 Ապրիլ 2019-ին, Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմինի կազմակերպութեամբ, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահէն ներս, խուռներամ ժողովուրդի մասնակցութեամբ: Բազմաթիւ հայրենակիցներ փութացած էին իրենց հաւաքական եւ միասնական յարգանքը եւ ուխտը մատուցանելու Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակին:

Ձեռնարկին ներկայ էին՝ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս մեծայարգ տիար Արա Մկրտչեան, Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան, Գանատայի Դաշնակցային կառավարութեան, ընդդիմութեան եւ Քէպէքի նահանգային կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ, Մոնթրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետական ներկայացուցիչներ, գաղութիս հոգեւոր հայրեր, հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայկական պատկան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներով, ապա հայերէն լեզուով բացման խօսքը արտասանեց տիկ. Ցոլիկ Մուղալեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ նախապէս Ապրիլ 24-ը սգատօն էր, այժմ՝ յուշատօն է, իսկ ապագային պիտի ըլլայ մեր արդար դատին յաղթանակի օրուան տօն:

Ֆրանսերէն լեզուով ներկաները ողջունեց տիար Հրակ Չինչինեան, եւ ան իր խօսքին մէջ յիշեց, որ Քէպէքը գանատական առաջին նահանգն էր, երբ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1980-ին: Ան նաեւ անդրադարձաւ ուսումնական ծրագիրներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ներառումին մասին:

Բացման խօսքերէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս մեծայարգ տիար Արա Մկրտչեանը, որպէսզի ներկաներուն փոխանցէ իր պատգամը: Ան իր եռալեզու խօսքերուն մէջ շեշտեց հայ ժողովուրդին ապրելու եւ գոյատեւելու վճռակամութիւնն ու պատրաստակամութիւնը:

Յուշատօնը ողողուած էր գեղարուեստական կոկիկ յայտագրով մը՝ ուր արտասանուած խօսքերուն կ’ընդմիջէին գաղութիս երեք հայկական վարժարաններու աշակերտներուն ելոյթները: Առաջին հերթին ելոյթ ունեցան «Նարեկ» վարժարանի աշակերտները. անոնք ներկայացուցին խմբային արտասանութիւն մը՝ Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ Եղեռնական»ը, եւ խմբային երկու երգեր՝ «Երգ խաղաղութեան» եւ «Հայաստան», խմբավարութեամբ Սոնա Մէյվալեան Կիւրիւնեանի, դաշնակահարութեամբ Շաքէ Մէյվալեան Գազանճեանի:

Ապա, օրուան հանդիսավար տիկին Թամար Շահինեան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց Լաւալի քաղաքապետական ներկայացուցիչ Սթեֆան Պուայէ, Մոնթրէալի քաղաքապետական ներկայացուցիչներ Էմիլի Թուիյէ, որ հանդէս եկաւ Մոնթրէալի քաղաքապետ Վալէրի Բլանթի անունով, եւ Մարի Տէրոս, Քէպէքի նահանգային ներկայացուցիչներ Քրիսթոֆըր Սքիթ եւ Մարուա Ռըզքի:

Բոլոր խօսք առնող պետական հիւրերը յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդի արդար դատին, ինչպէս նաեւ գնահատեցին հայ համայնքին մասնակցութիւնը Գանատայի ընկերային, մշակութային եւ քաղաքական կեանքին:

Տեղին է յիշել, որ Դաշնակցային խորհրդարանի անդամ եւ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Անտրիւ Շիրի խօսքը ընթերցեց Հրակ Չինչինեան, ինչպէս նաեւ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի եւ Ազատական կուսակցութեան անունով հանդէս եկաւ դաշնակցային երեսփոխան Ֆայսալ Խուրի:

Նարեկ վարժարանի աշակերտներու կողքին, գեղարուեստական յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ՝ տասը տարեկան պատանի ջութակահար Ազատ Վարդանեան, որ վարպետօրէն նուագեց Կոմիտասի «Կռունկ»ը, դաշնակի ընկերակցութեամբ տիկին Դալար Հարպոյեան Գալլօղլեանի: ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան վարժարանի մանուկներու երգչախումբը, ներկայացուց երկու խմբային երգեր՝ Ամիրխանեանի «Երազ իմ երկիր հայրենի»ն եւ Կոմիտասի «Սոնա եար»ը, խմբավարութեամբ Արթիւր Մարկոսեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Մարինէ Էքիզեանի: Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի երգչախումբը, ներկայացուց երկու երգ՝ «Շարլ Ազնաւուրի «Ils sont tombés»ն եւ «Ձայն տուր ով ֆետայ» յեղափոխական երգը, որոնց ընկերացան ջութակի, սրինգի եւ տհոլի կատարումներ, խմբավարութեամբ եւ դաշնակահարութեամբ տիկին Դալար Հարպոյեան Գալլօղլեանի: Ջութակահար Լինէթ եւ դաշնակահար Ալինա Իսրայէլեաններ ներկայացուցին կոմիտասեան շարան մը՝ «Չինար ես», «Ծիրանի ծառ» եւ «Քելեր Ցոլեր»: Գեղարուեստական յայտագիրը վերջ գտաւ ՀԲԸՄ-ի «Գառնի» պարախումբին «Կռունկ» եւ «Քոչարի» պարերով, ղեկավարութեամբ Լուտֆիկ Պուլղատարեանի:

Աւարտին, Ցոլիկ Մուղալեանի ու Հրակ Չինչինեանի փակման խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն մը:

Յուշատօնին ներկայ գտնուող հայ ժողովուրդը մեկնեցաւ անգամ մը եւս իր ուխտը վերանորոգելով մեր սրբադասուած 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը վառ պահելու եւ արդար իրաւունքը պահանջելու:

Թղթակից