Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցի, Գանատայի Թեմ Կալուածոց Աւանդապահ Մարմնի Յայտարարութիւն

Խոր ցաւով ու յուսախաբութեամբ իմացանք ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Թորոնթոյի Արմէն Օնթարիոյի կողմէ փոխանցուած այն որոշումին մասին, որ Հայց. Առաք. Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կից գտնուող Թորոնթոյի ՀԲԸՄ կեդրոնը առք ու վաճառքի համաձայնագիր ստորագրած է Centennial College–ի հետ, երբ միաժամանակ, փոխադարձ քննարկումներ տեղի կ՛ունենային Արմէն Օնթարիոյի եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հետ, ամենաբարձր մակարդակով։

Անկասկած, սոյն որոշումը իր վնասակար անդրադարձը պիտի ունենայ թորոնթոհայ համայնքին ընդհանրապէս, եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ վրայ յատկապէս։ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, որպէս Գանատայի Թեմի փայլուն աստղը, այժմ պարտաւորուած պիտի ըլլայ դիմագրաւել բազմազան, եւ ինչու չէ նաեւ՝ անհաղթահարելի դժուարութիւններ։

Ութսունական թուականներու սկիզբն էր, երբ ողբացեալ ազգային մեծ բարերար՝ տիար Ալեք Մանուկեան, համախոհ գործակցութեամբ գաղութի ղեկավարութեան ու համայնքին հետ, ունեցած էր այն մեծ տեսլականը կողք-կողքի կառուցելու ՀԲԸՄ Կեդրոնն ու Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին։ Նշեալ ծրագրի յաջողութեան համար գաղութի բոլոր խաւերէն եղան նիւթական մեծ ներդրումներ եւ հսկայական զոհողութիւններ։

Այս առնչութեամբ, քանի մը օրեր առաջ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցին յայտարարեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը։

 

Երեքշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 8-ին Ս. Երրորդութիւն Հայց Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին եւ Ծխական Խորհուրդին հրաւէրով տեղի ունեցաւ արտահերթ խորհրդակցական ժողով, նախագահութեամբ՝ Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ՝ Հոգեւոր Հովիւ Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի, որուն ապա Viber-հեռաձայնի հաղորդակցութեամբ միացաւ նաեւ՝ Գանատահայ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը։ Հանդիպումը կայացաւ եկեղեցւոյս «Մարալ Իշխանեան» սրահէն ներս։

Ժողովին ներկայ էին Գանատահայոց Թեմական Խորհուրդի ներկայ եւ նախկին ատենապետներ, ներկայ պատգամաւորներ եւ Ծխական Խորհուրդի ներկայ անդամներ, ինչպէս նաեւ «Բարեւ» Կեդրոնի ատենապետուհին։

Արտահերթ այս հանդիպման հիմք կը հանդիսանար Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ առնուած որոշումը՝ վաճառել Ալեք Մանուկեան կեդրոնը՝ Centennial College-ին (կցուած գտնել ՀԲԸՄի 30 Հոկտեմբեր 2018 թուակիր հաղորդագրութիւնը)։

Ժողովի միակ օրակարգն էր բացայայտել եւ քննարկել Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կարելի հնարաւորութիւնները՝ գտնելու լաւագոյն լուծումը այս իրավիճակին։

Բազմազան տեսակէտներու եւ առաջարկներու փոխանակումէն ետք, ժողովը միաձայնութեամբ որոշեց առաջարկ ներկայացնել եկեղեցւոյ տրատու անդամներուն, որ եկեղեցին օգտագործէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ եւ ՀԲԸՄի միջեւ գոյութիւն ունեցող համաձայնութիւնը (մերժելու առաջին իրաւունքը) եւ գնէ ՀԲԸՄի կեդրոնը եւ հողատարածքը, ապահովելու համար եկեղեցւոյ երկարամեայ ծառայութիւնները ի խնդիր համայնքի գոյատեւման եւ առողջ զարգացման։

Նկատի առնելով վերոյիշեալները, որոշում առնուեցաւ գումարել արտակարգ Ընդհանուր Անդամական ժողով՝ 11 Նոյեմբեր, 2018-ին, քննարկելու եւ հաստատելու վերոյիշեալ առաջարկը։

 

Կալուածոց Աւանդապահ Մարմնի անդամները կ՛ընտրուին Թեմական Պատգամաւորական ժողովին մասնակից պատգամաւորներու մեծամասնութեան քուէրակութեամբ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի համաձայնութեամբ ու հաստատումով։

Կալուածոց Աւանդապահ Մարմինը լիազօրութիւնը ունի վերահսկելու Գանատայի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Թեմի իրաւասութեան ներքոյ գործող եւ ծուխի կողմէ օգտագործուող անշարժ գոյքերը կամ գոյքերու սեփականութեան իրաւունքները։

Հետեւեաբար Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ՝ Գանատայի Թեմի Կալուածոց Աւանդապահ Մարմինը ձեռք ձեռքի տուած պիտի գործէ Թեմական Խորհուրդի եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդին հետ, դիմագրաւելու Թեմի եւ Ծուխի մտահոգութիւնները եւ նշեալ հարցը հասցնելու դրական աւարտի։

 

Կալուածոց Աւանդապահ Մարմին
Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցի, Գանատայի Թեմ
3 Նոյեմբեր, 2018