Հնագէտ Գագիկ Սարգսեան. «Քաշաթաղի շրջանին մէջ 14-18-րդ դարերու ամրոց յայտնաբերուած է»

«Google Earth» ծրագիրի տիեզերական լուսանկարները զննելու իբրեւ արդիւնք՝ Քաշաթաղի շրջանի Քարօտան գիւղի հարաւային մասը՝ Որոտան ու Հակարի գետերու միախառնման կէտին վրայ, վերջերս յայտնաբերուած է 14-18-րդ դարերու ամրոց:

Այս  մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է հնագէտ Գագիկ Սարգսեան՝ նշելով, որ ամրոցը կը զբաղցնէ երկու գետերու մակարդակէն մօտ 20 մ բարձրութեամբ հիւսիս-հարաւ երկարող բլուրի էլիպսաձեւ, ձեռակերտ հարթեցուած գագաթնամասը:

«Կառոյցը պաշտպանուած է շրջապարիսպով, որուն ներփակ տարածքին առաւելագոյն երկարութիւնը 107 մ է, լայնութիւնը՝ 36 մ, որ կը կազմէ 3680 քառ/մ: Պարսպապատերուն ընդհանուր երկարութիւնը 278 մ է: Պարիսպները կառուցուած են միջին չափերու ճեղքած մոխրագոյն աւազաքարէ եւ գետաբերաններէն բերուած գլաքարերէ կապակցուած ամուր կրաշաղախով: Այսօր գետնի մակերեսին կ՝երեւի միայն 1.5-2.2 մ լայնութեամբ պարսպապատի հիմնամասերու ուրուագիծը: Կը նկատուի նաեւ, որ շրջապարիսպը ամրացուած է ոչ համաչափ դասաւորուած փոքր, ուղղանկիւն որմնահեծերով: Ամրոցի ներսի տարածքը մեծ մասամբ հարթ է ու դատարկ: Կառուցապատման հետքեր կը նկատուին միայն հարաւային կողմը՝ ան ալ հատուածաբար ուրուագծուող հիմնապատերու տեսքով»,- աւելցուցած է հնագէտը:

Ըստ Գ. Սարգսեանի՝ ուշագրաւ է ամրոցի գլխաւոր մուտքին կառուցուածքը: Մուտքի արեւելեան աշտարակը չափերով արտաքինէն հնգանիստ զանգուած է, որուն պահպանուած ստորին մասը միաձոյլ է: Ամենայն հաւանականութեամբ անոր վերեւի հատուածը ունեցած է սնամէջ ծաւալ: Ճիշդ նմանատիպ աշտարակ մըն ալ կանգնեցուած է ամրոցի հարաւ-արեւմտեան անկիւնը:

«Երկու աշտարակներէն բացի՝ երեւացող հիմնապատէրէն պահպանուած են նաեւ ցոկոլային մասի 1.5-2 մ բարձրութեամբ զանգուածները: Վերջիններս գլխիվայր ինկած են իրենց իսկ հիմքերուն դիմաց: Ինկած զանգուածներուն դիրքը ակնյայտօրէն կը վկայէ, որ այս երկու աշտարակները ժամանակին պայթեցուած են: Ամրոցին կրաշաղախով կառուցուած պարիսպներուն աւերուածութեան աստիճանը թոյլ կու տայ մտածելու, որ անոր կործանման մէջ առկայ է նաեւ մարդկային գործօնը: Բլուրի լանջերուն կառուցապատման ցայտուն հետքեր չեն պահպանուած: Ամրոցին արեւելքը, յատկապէս, պարսպագիծին տակ փորուած պաշտպանական խրամատը, ըստ ամենայնի, Արցախեան ազատագրական պատերազմի հետեւանք է»,- մանրամասնած է հնագէտը եւ աւելցուցած, որ յուշարձանին տարածքը հարուստ է վերգետնեայ խեցեղէնով: Ճարտարապետական մանրամասներու եւ վերգետնեայ խեցեղէնի վերլուծութեան հիման վրայ յուշարձանը կը թուագրուի 14-18-րդ դարեր: