Մամուլի Համահայկական Համագումարը

Երեքշաբթի, Յուլիս 2-ին, առաջին օրը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի յարկին տակ ի մի խմբուած էին Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն ժամանած մամուլի մշակներ՝ կաթողիկոսութեան կազմակերպած Հայ Մամուլի համահայկական համագումարին, որ տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին որու պատգամէն ետք Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբեկեան կարդաց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ողջոյնի խօսքը, ուր ան կը յայտնէր, թէ հայկական լրատուամիջոցները այսօր կանգնած են բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դիմաց՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ՝ շեշտելով, որ իրենց էութեամբ ու բովանդակութեամբ իրարմէ տարբեր մարտահրաւէրներու քննարկումը եւ լուծման ուղիներ գտնելը համազգային օրակարգի հարցեր են: Փաշինեան դիտել կու տայ, որ հայ մամուլը առանցքային դերակատարութիւն ունի հայութեան վերաբերող ամէն տեսակի հարցերուն միջազգային հեղինակութիւն տալու առումով:

Վերջապէս, խօսք առաւ համագումարի պատուոյ հիւր, Հայաստանի վարչապետի տիկին եւ «Հայկական Ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Աննա Յակոբեան: Ան ըսաւ, որ մամուլը ամբողջ աշխարհի մէջ ճգնաժամ կ’ապրի եւ ասոր անմասն չի մնար հայ մամուլը: Դիտել տալով, որ արհեստագիտութեան արագ յառաջացումով ընկերային ցանցերը հետզհետէ կը փոխարինեն աւանդական մամուլը, մանաւանդ տեղեկատուական ոլորտին մէջ, ան շեշտեց, որ մամուլը, լրատուութեան կողքին, ունի նաեւ հասարակութիւնը կրթելու, գաղափարներ յառաջ բերելու, խորքային քննարկումներ յարուցելու, կենսական հարցեր արծարծելու եւ հարցերու լուծման բանալիներ որոնելու առաքելութիւն: Հետեւաբար, ան կոչ ուղղեց՝ կազմակերպուած ձեւով արձագանգելու հայ մամուլի մարտահրաւէրներուն:

Բ. նիստին նիւթն էր՝ «Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք համագործակցութիւն. խնդիրներ եւ ընելիքներ»:

Գ. նիստին նիւթն էր՝ «Մամուլը եւ նորարար արհեստագիտութեան մարտահրաւէրները» :

Օրուան վերջին նիստը կը կրէր «Լրատուութիւնը եւ ընկերային ցանցերը» խորագիրը :

Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարը իր աշխատանքները շարունակեց Յուլիս 3-ին, մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

Համագումարի Ե. նիստին նիւթն էր «Տեղեկատուական անվտանգութիւնը եւ լրատուութեան հաւաստիութիւնը»։

Զ. նիստին նիւթն էր «Համահայկական խնդիրներ եւ միջազգային հանրային կարծիքի ձեւաւորում» :

է. նիստին նիւթն էր «Հայ մամուլի դերը հայ ինքնութեան պահպանման մէջ – լեզու եւ մշակոյթ» :

Երկրորդ օրուան վերջին նիստին նիւթն էր «Հայ մամուլն ու բազմակարծութեան կարեւորութիւնը – խօսքի ազատութեան խնդիրներ» :

Համահայկական համագումարը` Հինգշաբթի, 4 Յուլիս 2019-ի կէսօրին եզրափակեց իր աշխատանքները: Թ. վերջին նիստին ընդհանուր նիւթն էր «Հայ մամուլը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը» :

Վերջին նիստին համագումարի մասնակիցները ներկայացուցին իրենց առաջարկները:

Ժողովը եզրափակուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին խօսքով, որուն մէջ ան շեշտը դրաւ լրագրողներուն համախմբման ծառայած այս համագումարին վրայ` նշելով, որ որքան միասին ըլլան հայ ազգի զաւակները, այնքան կը զօրանան եւ ազգային իտէալներու նկատմամբ կ’ամրապնդուին: Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ համագումարին ընթացքին բարձրացած շարք մը այլ խնդիրներու, ինչպէս` մամուլի որակի բարձրացման, մարդուժի, լեզուի, համահայկական հարթակ մը ստեղծելուն եւ համագործակցութեան: Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդգծեց, որ մամուլը հսկայ ներուժ է, եւ հարկ է հմուտ ըլլալ կառուցողական նպատակներ նուաճելու համար անոր օգտագործման մէջ, ու իր նշումները եզրափակեց ըսելով, որ համազգային արժէքներն ու ձգտումները պէտք է դառնան մեր միակամութեան առանցքը եւ հզօրութեան աղբիւրը:

Թղթակցութիւնը քաղուած է «Եռագոյն» համացանցային լրատուամիջոցէն՝ յապաւումներով:

Յ.Գ. Անթիլիաս կողմէ կազմակերպուած այս համագումարին, առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնապէս մասնակցեցաւ եւ զեկուցեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մամլոյ պատուիրակութիւնը, որուն անդամներն էին՝ «Պայքար»-ի գլխաւոր խմբագիր Երուանդ Ազատեան եւ գործադիր խմբագիր Յակոբ Վարդիվառեան: Պատուիրակութեան անդամ «Ազգ»-ի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան վերջին ժամուն, ստիպողաբար բացակայեցաւ:

Այդ առիթով ՌԱԿի Գերագոյն Խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ ատենապետ Տօքթ. Հրաչ Գոյումճեանի, ընկեր Արտաւազդ Մէլքիսէթեանի եւ Պէյրութ գտնուող միւս անդամներուն հետ, յատուկ հանդիպում մը ունեցան Վեհափառ Արամ Առաջին  Կաթողիկոսին հետ: Կարդալ այդ մասին՝ սոյն թիւով էջ 3-ի վրայ, առանձին տեղեկագրութեամբ մը: