«CAESAR հրետանային կայաններու մատակարարմամբ Ֆրանսան զինուած առճակատում կը հրահրէ Հարաւային Կովկասի մէջ»։
Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Ռուսաստանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
Ան պատասխանած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ CAESAR-ի խմբաքանակ ձեռք բերելու գործարքի մասին հարցումին՝ յայտարարելով, որ Ֆրանսայի իշխանութիւնները տարբեր մեթոտներով կը փորձեն ապակայունացնել իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ։
«Փարիզ կը հրահրէ զինուած առճակատման նոր փուլ Հարաւային Կովկասի մէջ»,- ընդգծած է ԱԳՆ խօսնակը։
Անոր կարծիքով՝ Ֆրանսայի ղեկավարութիւնը կը շարժի բացառապէս սեփական «պատեհապաշտական նպատակներէն»։
Աւելի վաղ Ռուսաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը մեկնաբանած էր ֆրանսական ինքնագնացներ գնելու Հայաստանի ծրագրերը։ Անոր կարծիքով՝ աշխարհի մէջ չկան տարածաշրջաններ, ուր արեւմտեան զէնքի մատակարարումները կը յանգեցնեն աւելի լաւ բաներու։