Նշուեցաւ «ԱՊԱԳԱՅ» Շաբաթաթերթի 43-րդ տարեդարձը
եւ մեկնակէտը յայտարարուեցաւ
Մոնթրէալի Թ.Մ.Միութեան 50 ամեակի նշման ձեռնակներուն
Կիրակի՝ 11 Նոյեմբեր 2018-ին, տեղի ունեցաւ Sold Out Թատերասրահին մէջ Նիւ Եորքի Մհեր Մկրտիչեան թատերախումբին՝ Պերճ Զէյթունցեանի «Ոտքի դատարանն է գալիս» պատմական թատերախաղին բացառաբար յաջող ներկայացումը:
Մեր յաջորդ թիւով պիտի տանք մանրամասն նկարագրականը, ազգային հերոս Սողոմոն Թէհլիրեանի ցնցիչ պատմութիւնը ներկայացնող ցնցիչ այս ներկայացման:
Ներկայ բազմութիւնը յոտնկայս հինգ վայրկեան որոտացնող ծափահարութիւններով յայտնեց իր խոր գնահատականը: