Մեր քաղաքականութիւնը դրացի երկիրներու հետ, ներառեալ Հայաստանը, համագործակցութիւնն ու փոխադարձ գործակցութիւնը զարգացնելն ու ընդլայնելն է: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի:
«Այս սկզբունքային քաղաքականութիւնը կառավարութիւններու փոփոխութեամբ չի փոխուիր: Նախագահական ընտրութեան բոլոր թեկնածուները ունին որդեգրած քաղաքականութիւն` զարգացնել դրացի պետութիւններուն հետ արտաքին քաղաքականութիւնն ու յարաբերութիւնները», նշեց Սոպհանի:
Դեսպանը նաեւ աւելցուց, որ Իրանի մէջ կ՛ապրին տարբեր ազգային պատկանելիութիւն ունեցող քաղաքացիներ, սակայն ատիկա չի կրնար ազդել երկրին որդեգրած սկզբունքային եւ ազգային քաղաքականութեան վրայ:
«Մենք Հայաստանի բարեկամը եղած ենք, ենք եւ պիտի ըլլանք: Նոր ստեղծուող կառավարութեան ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւնները աւելի պիտի զարգանան: Իւրաքանչիւր երկրի սկզբունքային քաղաքականութիւնը հիմնուած է ազգային ու փոխադարձ շահերու վրայ, եւ այդ սկզբունքը չի փոխուիր», նշեց ան: