Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն. « Միացեալ Նահանգներ կ’աջակցին Հայ-ատրպէյճանական համաձայնութիւններուն»

Հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը վերջ պիտի դնէ տասնամեակներ տեւած տագնապին, ինչպէս նաեւ համաշխարհային տարողութեամբ պիտի փոխէ Ատրպէյճանի եւ Հարաւային Կովկասի դերը: Այս մասին ըսուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի նամակ-ուղերձին մէջ, որ կարդացուած է Պաքուի մէջ Կասպեան քարիւղի եւ կազի 29-րդ միջազգային ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ժամանակ:

Պայտըն ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ շահագրգռուած են շրջանին մէջ կայունութեան ապահովումով:

Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներ կ’աջակցին այս ուղղութեամբ ջանքերուն եւ յաւակնութիւններուն, ձեռք բերուած հայ-ատրպէյճանական համաձայնութիւններուն: