ՄԻՍԱՔ ԵՒ ՄԵԼԻՆԷ ՄԱՆՈՒՇԵԱՆՆԵՐՈՒ ԱՃԻՒՆՆԵՐԸ ԱՄՓՈՓՈՒԵՑԱՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐՈՒ ՊԱՆԹԷՈՆԻՆ ՄԷՋ

Համաշխարհային Բ. Պատերազմի ընթացքին, Ֆրանսական դիմադրութեան շարժման հերոս՝ Միսաք Մանուշեան եւ իր ընկերները ձերբակալուեցան 1943-ին եւ 21 Փետրուար 1944-ին, նացիստներու կողմէ մահապատիժի ենթարկուելով, գնդակահարուեցան: 80 տարի ետք, նոյն օրը, Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան ամոլին աճիւնը փոխադրուեցաւ Փարիզի պանթէոնը:

Խորհրդաւոր արարողութեան ընթացքին, որուն ներկայ գտնուած էին պետական աւագանին, Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու կինը, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն ելոյթ ունենալով յայտնեց, թէ «Միսաք Մանուշեան ազատ մարդ էր, երբ կը քալէր Փարիզի փողոցներով եւ անցնելով այս պանթէոնի կողքով ան կը պատկերացնէր, թէ ինչպիսին պիտի ըլլար իր սիրելի Հայաստանը: Մանուշեան ինքզինք «ցասումով լեցուն վագր» կ’անուանէր: Երբ զինք ձերբակալեցին, Մելինէն շարունակեց մնալ իր հետ բոլոր ոդիսականներուն մէջ եւ ապրեցուց զինք մեծ խանդով: Իր վերջնական մշտական ընտրութիւնը ազատութիւնն էր: Ընտրեց ընդյատակեայ կեանքը, որպէսզի ֆրանսացին իր ազատութենէն ոչինչ կորսնցնէ՝ մշտապէս ըլլալով ազատութեան արբեցած զինուորը»,- եզրակացնելով իր խօսքը՝ նախագահը յայտնեց, որ այսօր կայ Ֆրանսան, որ առյաւէտ երախտապարտ է իրենց:

Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանները մուտք գործեցին անմահներու տաճար:

Պանթէոնին մէջ թաղուած է 81 ֆրանսացի անձնաւորութիւն: Միսաք Մանուշեանը հանդիսացաւ առաջին «օտարերկրացին», որ պատուով մուտք գործեց պանթէոն, իսկ Մելինէն՝ 7-րդ կինը:

Մինչ օրս կան 83 անհատներ… Վոլթերի, Ժան Ժագ Ռուսոյի, Վիքթոր Հիւկոյի, Ալեքսանդր Տումայի կողքին: