Մխիթարեան հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող յօդուածներու ժողովածուներ

Ամերիկեան մամուլին, մասնաւորապէս, The New York Times-ի էջերուն մէջ հրապարակուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յօդուածներէ կազմուած ժողովածուներուն մէջ զետեղուած են նիւթեր, որոնք կ՛անդրադառնան Համիտեան, Ատանայի ջարդերուն, անոնց հետեւանքներուն: Ընդգրկուած են նաեւ թուրք դեսպաններու, հիւպատոսներու յօդուածները եւ անոնց տրուած պատասխանները:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` հատորները լոյս տեսած են վերջերս` Մխիթարեան հրատարակչատան կողմէ եւ կը կոչուին «The Armenian Genocide: Prelude and Aftermath. As reported in the U.S. Press – The New York Times» («Հայոց Ցեղասպանութիւն. նախերգանք եւ յետգրութիւն: Հաղորդումներ ամերիկեան մամուլին մէջ` «Նիւ Եորք Թայմս»): Գիրքերը կազմած եւ խմբագրած են Մխիթարեան միաբանութեան միաբան հայր Վահան ծայրագոյն վարդապետ Օհանեանը եւ աւստրալահայ հետազօտող Արա Քեթիբեանը:

Լրագրողները հեղինակներուն հանդիպելու եւ անոնց հետ զրուցելու հնարաւորութիւն ունեցան Մարտ 20-ին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ:

«Գիրքին մէջ տեղեկութիւններ կան նաեւ այն  օտար եւ հայ մարդոց մասին, որոնք դրամական կամ այլ աջակցութիւն ցոյց տուած են հայ որբերուն, դպրոցներուն` հոգալով անոնց կարիքները, իսկ թուրք դեսպաններու,  հիւպատոսներու գրառումները, որոնք տեղ գտած են տարբեր յօդուածներու մէջ շատ կը հակասեն նախճիրը վերապրածներու  գրառումներուն: Նոյն քաղաքականութիւնն է. ոչինչ փոխուած է: Անոնք այն ժամանակ ալ փորձած են արդարացնել իրենք-զիրենք` պնդելով, որ մեղաւորը հայերն են: Հոլոքոստէն ետք Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ամենաշատը ուսումնասիրուած է աշխարհի մէջ: Հազարաւոր մենագրութիւններ կան այդ մասին: Ես յաւակնութիւն չունիմ ըսելու, թէ այս կամ այն յօդուածը, տեղեկութիւնը որքանով նոր է. ատիկա պէտք է որոշեն պատմաբաններն ու մասնագէտները: Կարեւորն այն է, որ ներկայացուած են հարիւրաւոր յօդուածներ, որոնց վերնագիրները,  խորագիրները միայն կը բացատրեն, որ իսկապէս մտադրուած ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է»,-ընդգծած Արա Քեթիբեան:

Մխիթարեան միաբանութեան միաբան Հայր Վահան ծայրագոյն վարդապետ Օհանեանն ըսաւ, որ իր գործընկերոջ հետ վաղուց ծանօթ է. Ան մօտ 9 տարի միաբանութեան մէջ աշակերտ եղած է: «Արան  խրախուսեց զիս այս աշխատանքը սկսելու համար: Իմանալով անոր կարողութիւններն ու լրջութիւնը, անցեալի ուսումնասիրութեան վերաբերեալ ունեցած  պատրաստակամութիւնը` վստահութիւն ապրեցայ: Ընթացքին հանդիպեցայ Վիգէն Բաբկէնեանին, որ ինծի տրամադրեց յօդուածներու ամբողջ հաւաքածոյ մը: Իր ունեցածը  սիրայօժար նուիրեց մեզի, ես ալ որոշ բաներ ունէի ու սկսայ կուտակուած նիւթին հիման վրայ աշխատիլու: Յօդուածները հաւաքելը շատ դժուար աշխատանք էր։ Մենք սկսանք մէկ-մէկ պրպտել: Ունեցանք շատ դժուարութիւններ. որոշ յօդուածներ ստիպուած եղանք նաեւ գնելու: Բանալի բառերով գտանք հայերու մասին գրուած բոլոր հրապարակումները»,-պատմեց ան:

Հաւաքածուի հրատարակման աջակցած է «Վիւասել-ՄԹՍ» ընկերութիւնը, որու հիմնադիր, գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Իրիկեան ըսաւ` գիրքը աշխարհին ցոյց կու տայ, որ մենք ունինք համապատասխան փաստաթուղթեր, որոնք մեր վկաներն են, դեսպանները եւ կը ներկայացնեն, թէ մենք ինչ ճանապարհ անցած ենք, ինչ դաժանութիւններու, վայրագութիւններու ենթարկուած: «Այս գիրքը ընթերցելով հնարաւոր է` գիտակից մարդը, քաղաքակիրթ աշխարհը հասկնայ, որ պէտք է սթափիլ եւ թոյլ չտալ, որ նման վայրագութիւններ տեղի ունենան այլ ազգերու հետ»,-շեշտած է Իրիկեան:

Երկհատորեայ ժողովածուները կազմելու գործին համար Վահան ծայրագոյն վարդապետ Օհանեանն եւ գրականագէտ, աւստրալահայ հետազօտող Արա Քեթիբեանը պարգեւատրուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամի «Աւրորա Մարտիկանեան» յուշամետալով: