Մոսկուայի Արեւելքի պետական թանգարանին մէջ բացուած է հայ նկարիչ, Ուզպեգիստանի յայտնի գեղանկարիչներէն Նիկոլայ Կարախանի (1900-1970 թթ.) ցուցահանդէսը, ներկայացուած են Օլեկ Գոլոսովի հաւաքածուէն աշխատանքներ։
Ցուցադրութիւնը նուիրուած է նկարիչի ծննդեան 120-ամեակին։
ՌԴ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն կը յայտնեն, որ ներկայացուած է 120 աշխատանք, ինչպէս գեղանկար եւ կրաֆիքական աշխատանքներ, վաղ աւանգարդի, պատերազմական եւ յետպատերազմական շրջանի հազուագիւտ արխիւային փաստաթուղթեր:
Ցուցահանդէսը կ’իրականացուի ՌԴ մշակոյթի նախարարութեան, ՌԴ-ի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ ՌԴ-ի մէջ Ուզպեգիստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ։ Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Դեկտեմբեր 1: