Յայտարարութիւն

Ստորեւ կը ներկայացնենք Առաջնորդարանի Գանատահայոց Թեմի եւ Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ յայտարարութիւնը՝ առնչուած Թորոնթոյի ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան Կեդրոնի միակողմանի վաճառման ընթացող նորութիւններուն

 

Առաջնորդութիւն Գանատահայոց Թեմի
եւ
Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցի

 

ՀԲԸՄ Արմէն Օնթարիոյի կողմէն տարածուած յայտարարութիւններ

 

Վերջերս ՀԲԸՄ Արմէն Օնթարիոյի ղեկավարութիւնը յայտարարութիւններ ու մեկնաբանութիւն տարածեց ՀԲԸՄ-ի կեդրոնի վաճառքի՝ իրենց որոշումին մասին։ Այս յայտարարութիւնները՝ յատկապէս վերջին երկուսը, ինքզինքն արդարացնելու անօգուտ փորձեր են։ Աւելի վտանգաւորը այն է, որ անոնք համայնքը մոլորեցնող եւ պառակտում առաջացնող մեկնաբանութիւններ կը պարունակեն։ Երկու պարագաներուն ալ անոնք ձախողեցան։ Յստակօրէն յայտնի է, որ այս յայտարարութիւնները՝ անկեղծութենէ բոլորովին զուրկ են համայնքի մը նպաստին առաջացած առողջ զգացումներու առմամբ եւ կը ներկայացնեն պարտադրող ոչ ժողովրդավարական որոշումներ առանց որեւէ թափանցիկութեան։

Մենք մեր գործը պիտի շարունակենք, ըստ 11 Նոյեմբեր, 2018-ին ընդհանուր ժողովի ընթացքին ընդունուած բանաձեւին, ինչպէս եւ պիտի շարունակենք հաւատարիմ մնալ մեր Եկեղեցւոյ կանոնադրութեանը։

Ի վերջոյ մենք պիտի շարունակենք մեր բանակցութիւնները ՀԲԸՄ Արմէն Օնթարիոյի ղեկավարութեան հետ եւ մեր ընդհանուր ժողովի բանաձեւին համաձայն կեդրոնացած պիտի մնանք մեր համայնքի համար ամենալաւ տարբերակը ճարելու եւ մենք մեր ժամանակն ու եռանդը պիտի սպառենք ոչ թէ հետագայ հրապարակային յայտարարութիւններ ընելով այլ պիտի կեդրոնանանք մեր առջեւը դրուած խնդիրներուն լուծում գտնելու մասին։