Թէքէեան Մշակութային Միութեան կազմակերպած այցելութիւնը՝ Եգիպտոս, մասնակցողներուն պատեհ առիթը տուաւ հաճոյքին ու վայելքին առընթեր, ունենալու նաեւ լուրջ ու պատշաճ պահերու գոհունակութիւնները:
Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Մարտ 31) հոգեպարար արարողութենէն ետք խումբը ուղղուեցաւ Մարմինայի հայոց գերեզմանատուն:
Բոլորս եկած էինք մեր յարգանքի տուրքը մատուցանելու ազգային, մտաւորական ու վաստակաւոր տիտաններու՝ Միհրան Տամատեանի եւ Վահան Թէքէեանի շիրմաքարերուն առջեւ:
Լուրջ էր մթնոլորտը: Ուշադիր կը հետեւէինք ընկ. Արթօ Մանուկեանի բացատրութիւններուն: Պահ մը զգացինք մեր համեստութիւնը այս երկու տիտաններու՝ ազգային գործունէութեան եւ նուիրումին առջեւ:
Յուզիչ պահեր ապրեցանք, երբ ընկ. Մանուկեան ներկայացուց Տամատեանի յեղափոխական ու ազգային անզուգական նուիրումը: Ահաւասիկ Տիտան մը որ ամբողջ կեանք մը նուիրած էր Հայ Ազատագրական շարժումին: Որպէս Կիլիկիայի լիազօր ներկայացուցիչ ընդգրկուելով Պօղոս Նուպարի գլխաւորած ազգային պատուիրակութեան, փորձած է ստեղծել Կիլիկիոյ ինքնավար պետութիւն:
4 Օգոստոս 1920-ին Տամատեանի նախագահութեամբ հռչակուած է անկախ պետութիւն՝ Ֆրանսայի հովանաւորութեան ներքեւ: Սակայն Ֆրանսա իր խոստումը դրժելով բանակը ետ քաշած է. այսպիսով վերջ դնելով Կիլիկիայի մեծ երազին:
Վահան Թէքէեանի յիշատակն ալ իր կարգին յարգուեցաւ ազգային ու գրական իր արժէքներուն համար:
Բանաստեղծներու Իշխան՝ Թէքէեանէն արտասանուեցան քերթուածներ: Զգայացունց էր «Մէկ Հատիկս»ը:
Այդ քերթուածը այն գլուխ գործոցն էր ուր Թէքէեան գրած էր երբ հակառակ խմբակ մը զինք մութին մէջ զգետնած էր: Արիւնլուայ Թէքէեանի ակնոցին ապակիի փշուրները վնասեցին աջ աչքը:
Կ’ըսուի թէ այս արարքը առիթ տուաւ Վահան Թէքէեանի գլուխ գործոցին «Մէկ Հատիկիս»ին յօրինման:
Ներկաները ծաղկեպսակներով պատուեցին այս երկու տիտաններու յիշատակը:
Ի՜նչ զուգադիպութիւն. այս երկու լուսաւոր առաջնորդները մեզմէ բաժնուեցան, իրարմէ չորս ամիսներու տարբերութեամբ.-
* 4 Ապրիլ 1945 (Թէքէեան):
* 12 Օգոստոս 1945 (Տամատեան):
Թէքէեանի խնդրանքն էր համեստ յուղարկաւորութիւն մը ունենալ:
Թեմական Ժողովի միաձայն որոշումով իր փափաքը բացառաբար չ’յարգուեցաւ եւ տեղի ունեցաւ պատմական Ազգային Յուղարկաւորութիւն մը:
Մենք ալ այսօր մեր կարգին շարունակենք չ’յարգել այդ վերջին փափաքը՝
Յարգանք եւ խունկ մեր վաստակաւոր ղեկավարներուն:
Արթօ
Յ.Գ. Պսակներ ալ զետեղեցինք անուանի համաշխարհային երգիծանկարիչ Ալեքսանդր Սարուխանի շիրիմին: