«Արեւելք» լրատու կայքէջէն կ’իմանանք, որ Լիբանանի Պէքքա դաշտավայրին մէջ գտնուող Պաալպէք պատմական քաղաքին մէջ, 5 Յուլիսի գիշերը, կայացաւ Պաալպէքի աւանդական երաժշտական փառատօնը, որ այս տարի, համավարակի պատճառով, հեռարձակուեցաւ հեռուստատեսութեամբ: Հազարաւոր հանդիսականներ հեռավար հետեւեցան լիբանանահայ տաղանդաւոր երաժիշտ Յարութ Ֆազլեանի ղեկավարութեամբ Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի համերգին՝ «Դիմադրութեան ձայնը» խորագրով։ Երաժշտական համադրութիւնը նուիրուած էր Լիբանանի եւ համայն աշխարհի այսօրուան աննախադէպ վիճակին:
9000 տարուան պատմութիւն ունեցող Հռոմէական կայսրութեան աւերակներուն վրայ գտնուող Պաալպէքի նշանաւոր վայրին մէջ (որ Տիգրան Մեծի ժամանակ կոչուած է Արեւ-Քաղաք) 1955-էն իրականացուող միջազգային փառատօնը առաջին անգամ ըլլալով կը կայանայ առանց հանդիսատեսի ներկայութեան:
Կազմակերպիչները փառատօնը համարած են պատմական, իսկ հայ երաժիշտ Յարութ Ֆազլեանի գլխաւորած նուագախումբի՝ այս օրերուն չդադրող աշխատանքը՝ համախմբման եւ նաեւ արուեստի միջոցով վերածնման խորհրդանիշ:
Փառատօնին ողջոյնի խօսքեր յղած են միջազգային այլ փառատօներու կազմակերպիչներ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէն, նշելով, որ երաժշտական Պաալպէքը յոյսի եւ միասնութեան կոչ կը տարածէ աշխարհին:
Դիտել տանք որ Յարութ Ֆազլեան որդին է թատրոնի մեծ երախտագէտ, բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանի: