Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 29 Մայիս 2019-ին, հիւրընկալած է ֆրանսահայ յայտնի երգչուհի Ռոզի Արմէնը:
Նախագահը գոհունակութեամբ նշած է, որ երգչուհին յաճախ կ’այցելէ հայրենիք, ուր կը սիրեն զինք եւ կը գնահատեն անոր արուեստը: «Հայաստան-սփիւռք կապը նախապէս նաեւ Ձեզ նման մարդոց միջոցով էր: Ձեր երգերը հոգեհարազատ են ժողովուրդին, եւ ամէն անգամ Ձեր կամ տաղանդաւոր միւս հայերու այցելութիւնները Հայաստան իսկապէս մեծ իրադարձութիւն կը դառնան»,-ըսած է նախագահը:
Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայութենէն, զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-սփիւռք կապերուն` համակարծիք ըլլալով, որ թէեւ մեր ժողովուրդը ճակատագրի բերումով ցրուած է ողջ աշխարհով, բայց ատիկա նաեւ առաւելութիւն կու տայ մեզի` համախմբելու տարբեր երկիրներու փորձն ու մեր հաւաքական ներուժը` հայրենիքի զարգացման համար: «Հայաստան ամէն երկրի մէջ ոչ թէ մէկ, այլ բազմաթիւ դեսպաններ ունի, քանի որ ամէն հայ նաեւ իր երկրի ու իր ժողովուրդի դեսպանն է: Մենք մէկ ժողովուրդ ենք եւ միասին շատ մեծ բաներ կրնանք ընել»,- ըսած է Սարգսեան:
Ռոզի Արմէն իր հերթին նշած է, որ աշխարհի բոլոր հայերը կը ցանկան Հայաստանը հզօր ու բարեկեցիկ տեսնել: Ան պատմած է իր յառաջիկայ նախագիծերուն մասին, ինչպէս նաեւ խօսած հայկական արուեստն ու մշակոյթն աշխարհին ներկայացնելու կարեւորութեան մասին:
Նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է նաեւ նախագահական նստավայրին մէջ համերգներ, ցուցահանդէսներ եւ մշակութային այլ ձեռնարկներ կազմակերպելու իր նախաձեռնութեան` նշելով, որ անիկա շարունակական պիտի ըլլայ, եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է այդ նախաձեռնութեան ծիրէն ներս հիւրընկալել սիրուած երգչուհին: