Ներկայիս գործող տնտեսական կառուցուածքը կառավարութեան չի բաւարարեր: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, վերջերս ՀՀ կառավարութեան նիստին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Հաշուի առնելով այն, որ մեր տնտեսութիւնը կը ներկայացնէ գիւղատնտեսական, ի դէպ՝ ո՛չ արհեստագիտական արտադրանք, ինչպէս նաեւ մոլախաղեր, ընդերքի արտահանում, այս տնտեսական կառուցուածքը չի կրնար մեզի ոչ մէկ ձեւով ձեռնտու ըլլալ։ Մենք կ՝ուզենք, որ մեր տնտեսութիւնը ունենայ հետեւեալ կառուցուածքը՝ բարձր արհեստագիտական արտադրութիւն, տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու ոլորտ, թեթեւ արդիւնաբերութիւն, վերամշակուող գիւղատնտեսութիւն։ Մենք պէտք է դիմենք շատ լուրջ քայլերու, որպէսզի այս փոփոխութիւնը տեղի ունենայ։ Այս փոփոխութեան շրջանին մենք նաեւ որոշ տնտեսական, ելեւմտական բարդութիւններ, դժուարութիւններ պիտի ունենանք, բայց մենք պէտք է դիմենք այդ փոփոխութիւններուն»,- ըսած է ՀՀ վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով, ռազմավարական առումով պէտք է բացառել այն իրավիճակը, «երբ կը տեսնենք, որ մեր երկրին մէջ տնտեսական աշխուժութեան շատ լաւ ցուցանիշ կայ, ու երբ որ կ՝ուզենք հասկնալ, թէ ատիկա ինչ ցուցանիշ է, կը պարզուի, որ ոչ մէկ բան տեղի ունեցած է, պարզապէս տեղի ունեցած է ֆութպոլի աշխարհի առաջնութիւն, եւ մեր երիտասարդութիւնը այդ օրերուն զբաղած եղած է խաղադրոյքներ ընելով եւ պարտուելով»:
«Բնականաբար, այս երեք խնդիրը մենք պէտք է լուծենք»,- յայտարարած է վարչապետ Փաշինեան: