Թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը հարցազրոյց մը ունեցած է Թուրքիոյ մէջ նշանաւոր հայ ոսկերիչ Վիքթոր Օճալի հետ, որ իր յուրօրինակ մօտեցումներով յայտնի է յատկապէս գոհարագործութեան ոլորտին մէջ:
Արմատներով պատմական Սասունի Նիչ գիւղէն Օճալներու ընտանիքը շուրջ 4 տասնամեակէ ի վեր կը բնակի Պոլիս, ուր ծանօթացած են ոսկերչական արուեստին` պոլսահայ վարպետներէ իւրացնելով հայկական ոսկերչութեան աւանդոյթները:
Օճալի` «Ոսկերչական» պատմութիւնը սկիզբ կ՛առնէ դեռ 1983 թուականին, երբ ան յայտնուեցաւ Պոլսոյ Փակ շուկայի` հայ վարպետ ոսկերիչներու արհեստանոցներուն մէջ:
Իր բոլոր վարպետները լաւ կը յիշէ` Վարուժան ուստան, Էտմոն ուստան, Բաբկէն ուստան․․․ Իւրաքանչիւրէն անգնահատելի գիտելիքներ ստացած է` բացայայտելով հնագոյն արհեստի գիտելիքները:
Օճալը կ՛առանձնացնէ յատկապէս Բաբկէն ուստան, որ, իր խօսքով, իրեն համար երկրորդ հայր եղած է:
Հայ ոսկերիչը ժամանակի ընթացքին աշխատած ու կատարելագործած է ոսկերչական արտադրութեան քանի մը արհեստագիտութիւններու մէջ եւ նոյնիսկ մշակած իր սեփականը` նոր արհեստագիտութիւներ, որոնք մինչ այդ ծանօթ չէին Թուրքիոյ մէջ:
Ըստ Օճալի` լաւ ոսկերիչ դառնալու համար կան քանի մը նախապայմաններ, որոնցմէ են` սեփական տեխնիկան ունենալը, կատարուած գործի բնատիպն ու եզակիութիւնը:
«Սա այն չէ, որ ըսես «ահա, այստեղ մէկ ծաղիկ գծեցի, ներկեցի», սա շատ աւելին է»,- Tert.am-ի փոխանցմամբ կ՛ըսէ Թուրքիոյ ամենապահանջուած ոսկերիչներէն մէկը, որ նաեւ ստացած է պետական արուեստագէտի կոչում: