Նորանշակ Պատուակալ Հիւպատոս Պրն. Վարուժան Լափոյեանի Ծանօթացման Երեկոն

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Ձախէն աջ Սարգիս Չիլինկիրեան, Շողիկ Թիւթիւնճեան, պատուոյ հիւպատոս Վարուժան եւ Սիլվա Լափոյեան, Գէորգ Թիւթիւնճեան եւ Մատաթ Բ. Մամուրեան

2019 Յունուար ամսուայ սկիզբը Հ.Հ. Արտաքին գործերու նախարար պրն. Զոհրապ Մնացականեանի հրամանագրով եւ Գանատայի կառավարութեան վաւերացումով Պրն. Վարուժան Լափոյեան նշանակուեցաւ Օնթարիօ նահանգի պատուակալ հիւպատոս:

Չորեքշաբթի Մարտ 27, 2019-ի երեկոյեան ժամը 8.00ին Թորոնթոյի հայ կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ ծանօթացման երեկոյ մը, Օնթարիոյի նորանշակ պատուակալ հիւպատոս, բարերար եւ գործարար պրն. Վարուժան Լափոյեանի հետ:

Ներկայ էին գաղութիս մէջ գործող եկեղեցիներու, բարեսիրական, մշակութային, երեք աւանդապահ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրդ. Սարիկ Պապեան, բարի գալստեան խօսքերով ողջունեց, օրուայ պատուոյ հիւրը եւ ներկաները, ապա հակիրճ կերպով անդրադարձաւ պատուոյ հիւպատոսի կենսագրութեան:

Իրենց քաջալերական, յաջողութեան սրտի խօսքերով հանդէս եկան Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Գանատայի մէջ Հ.Հ. հիւպատոս պրն. Արա Մկրտիչեան եւ պրն. Սեւակ Քիւփէլեան: Հանդիսավարուհին հրաւիրեց պատուոյ հիւպատոս պրն. Վարուժան Լափոյեանին փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն, եւ բոլոր ներկաներուն:

Այս պատեհ առիթէն օգտուելով, պատուակալ հիւպատոսին հետ, մտերմիկ զրոյց ունեցան Ռ.Ա.Կ.-ի, Թէքէեան Մշակ. Միութեան եւ «Ապագայ» շաբաթաթերթի Թորոնթոյի պատասխանատուներէն պրն. Գէորգ եւ տիկ. Շողիկ Թիւթիւնճեան, պրն. Սարգիս Չիլինկիրեան եւ պրն. Մատաթ Բ. Մամուրեան, յաջողութիւններ մաղթեցին իր ստանձնած առաքելութեանը:

Երեկոն շարունակուեցաւ «Wine & Cheese»ի հիւրասիրութեամբ:

Կը շնորհաւորենք Պրն. Վարուժան Լափոյեանը իր ստանձնած պատասխանատու այս պաշտօնին համար եւ կը մաղթենք որ ան դառնայ բեղուն եւ ընթանայ հեզասահ ի խնդիր հայրենիքի ու սփիւռքի ընդհանրապէս եւ Օնթարիոյի մասնաւորապէս հզօրացման: