ՆՈՐ  ՏԱՐՒՈՅ ԱՌԱՋԻՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Յարութիւն Դերձակեան

Երեքշաբթի` 1 Յունուար 2019-ի առաւօտ, նոր տարւոյն առաջին Սուրբ Պատարագը մատուցուեցաւ Թորոնթոյի Ս. երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։ Հաւատացեալներ հետզհետէ լեցուցին եկեղեցին, փառք տալու համար Աստուծոյ եւ նոր տարուայ համար մաղթանքներ կատարելու։

Սուրբ Պատարագը մատուցեց ու քարոզեց Գանատահայոց թեմի Փոխ Առաջնորդ, եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան։ Ս. սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Կարպիս Չիչէքեան, Նուրհան Իփէքեան եւ Սեւան Իշխանեան սարկաւագները։ Երգեցողութիւնները տպաւորիչ կերպով կատարուեցան երկսեռ դպրաց դասին կողմէ առաջնորդութեամբ՝ դպրապետ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնահարութեամբ՝ Սօնա Արթինեանի, որոնք յաջողապէս մեկնաբանեցին Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները։

Ս. Պատարագի աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ իբրեւ աւանդութիւն հաստատուած Գոհաբանական Մաղթանք ու Նռնօրհնէքի արարողութիւն կատարուեցաւ ձեռամբ՝ Տէր Հօր։ Հայկական աւանդութեան մէջ Նուռը իբրեւ ազգային  խորհրդանիշ կը կրէ կեանքի, ծաղկունքի եւ առատութեան իմաստը։ Հաւատացեալներու մասնակցութեամբ եւ « Ամէն Ալէլուիա » երգեցողութեամբ արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ։

Այնուհետեւ Տէր Հայրը օրուայ պատշած իր պատգամը փոխանցեց « Այրի կնոջ լուման» բնաբան ունենալով անձերու եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած զոհողութեան, տալու նուիրումի կարեւորութիւնը շեշտեց եւ փառք տուաւ Աստուծոյ անցնող տարի պարգեւած բոլոր բարիքներուն համար։ Տէր Հայրը շնորհաւորեց ներկայ հաւատացեալները, բարեմաղթեց որ նոր տարին բոլորին հաւատք, իմաստութիւն եւ շնորհք պարգեւէ եւ Տէրը նուիրումի զգացողութեամբ եւ սիրով լեցնէ մեր սրտերը։ Սէրն է որ կ՚ամրապնդէ մեր հաւատքը ըսաւ Տէր Հայրը, մաղթեց որ Աստուածային սէրը իջնէ մեր բոլորին սրտերուն մէջ։

Յաւարտ Ս. պատարագի հաւատացեալներ մօտեցան Ս. Խորան, ձեռամբ՝ սարկաւագներու ստացան մէկ մէկ օրհնուած նուռ։ Ներկաները ներքնաբակին մէջ առիթը ունեցան զիրար ջերմ բարեմաղթանքներով շնորհաւորելու եւ առ ի սովորութիւն միասնաբար լուսանկարուելու։