Ֆրանսայի աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրին պատկանող արուեստի գործերը պիտի վաճառուին Փարիզի աճուրդին մէջ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Le Figaro թերթը, սակարկութիւնները, որ կազմակերպած է Christie’s աճուրդներու տունը, տեղի պիտի ունենան Յունիս 4-ին, կը փոխանցէ news.am-ը:
Աճուրդի պիտի հանուի երկու պրոնզէ քանդակ: Առաջինը ֆրանսացի արուեստագէտ Ժերմեն Ռիշյէի (1902-1959) գործն է, որ ստեղծուած է 1953-ին եւ կը պատկերէ մաթաթորի եւ ցուլի գանգը: Այս քանդակը Ռիշյէի 11 աշխատանքներէն մէկն է, որ նուիրուած է ցլամարտին: Անոր միւս ստեղծագործութիւնները կը պահուին, մասնաւորապէս, Նիւ Եորքի Կուկգենհէյմի ֆոնտի մէջ եւ Պրիւքսելի Գեղարուեստի թագաւորական թանգարանին մէջ: Փորձագէտները քանդակը կը գնահատեն 2,5 միլիոն եւրօ:
Եւս մէկ աշխատանք Ազնաւուրի հաւաքածոյէն` Սեզար Պալտաչինիի քանդակը («Թեսքոնի տախտակը»), ստեղծուած է 1958-ին: Նախնական արժէքը 60-80 հազար եւրօ է:
Նախապէս Ֆրանսայի մէջ աճուրդի մէջ վաճառուած էր այն ինքնաշարժը, որ երգիչը գնած էր 1966-ին: Սակարկութիւնները տեղի ունեցած են Փետրուար 7-ին Կրան պալէ ցուցասրահին մէջ: