«Factor tv.»ի Նոյեմբեր 22, 2024-ի տուած հարցազրոյցին, ՀՀ Վարչապետ Պրն. Նիկոլ Փաշինեանը ըսաւ.- «Հիմա մենք ինչքա՛ն նեղւում ենք եւ շատ ծանր ենք տանում եւ բրոպլեմ ենք համարում ինչ որ տեղ, ինչ որ մարդիկ օգտագործում են «Արեւմտեան Ատրպէյճան» դերմինը, չէ՞: Բա մենք որ ասում ենք «Արեւմտեան Հայաստան» չե՞նք մտածում որ ինչ որ մարդկանց դա գրգռում ա: Ասում են Արեւմտեան Ատրպէյճամը մեզ դա է գրգռում, հենց որ ասում Արեւմտեան Հայաստան ուրիշներն ա գրգռում»
Շատ լաւ է որ «Արեւմտեան Հայաստան դերմինը ուրիշներն ա գրգռում» …
Հայաստանի Վարչապետ Պրն. Նիկոլ Փաշինեանի այս հարցազրոյցին մէջ բազմաթիւ միտքեր կամ հաստատումներ կան որոնք շատ խնդրահարոյց են, որոնց մասին՝ վերջը:
Ինչ կը վերաբերի «Արեւմտեան Ատրպէյճան» եւ «Արեւմտեան Հայաստան» ասոյթներուն հաւասար հարթակի վրայ դրուելուն՝ սարսափելիօրէն վրդովեցուցիչ է՛ր եւ է՛:
Ատրպէյճանցիներու խօսքը կամ վարկածը, կամ պահանջքը՝ Հայաստանի տարածքին երկու երրորդին մասին բացարձակապէս հիմք չունի: Այդ՝ ցեղասպան ատրպէյճանցիներուն արիւնոտ ախորժակն է հանդէպ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին: Ինչպէս որ մեր երեքհազարամեայ հայկական Արցախին տիրացան հաջելով, խածնելով եւ հոշոտելով, «էթնիկ զտում»ի ենթարկելով, այնպէս ալ կը փորձեն եւ տակաւին պիտի փորձեն մեր Պատմական Հայաստանին այս վերջին պատառիկին ալ տիրանալ պահանջելով, վախցնելով, սպառնալով եւ ինչո՞ւ չէ, պատերազմով: Պատմական, իրաւական ո՛չ մէկ կապ կայ մեր Հայաստանի այս պատառիկին եւ Ատրպէյճանի ախորժակներուն միջեւ: Քանի որ Ատրպէյճանը, օգնութեամբ եւ մասնակցութեամբ Թուրքիոյ, Փաքիստանի, Իսրայէլի, Ռուսիոյ, Պելառուսիոյ եւ արաբ ահաբեկիչներու 44-օրեայ պատերազմին յաղթեցին, ուրեմն, ուժի դիրքերէ խօսելով, այն միամիտ կարծիքը ունին որ կրնան նոյնպէս, զանազան միջոցներով տիրանալ մեր նախահայրերու արիւն-քրտինքով յագեցած այս պատառիկին:
Այս մասին երազելու իրաւունքն անգամ չունին: Բայց …
«Արեւմտեան Հայաստան»ը չակերտներէ դուրս հանելով, կրնանք, եւ պիտի շարունակենք պահանջել որպէս մեր պապենական հողերը:
Մենք, հայերս, հաւանաբար հինգ հազար տարիներ այդ հողերուն վրայ ապրած ենք: Մեր նախահայրերը առասպելական կռիւներ մղած են այդ հողերը պաշտպանելու: Ծով արիւն թափած են իրենց ընտանիքները, իրենց թոռներն ու ծոռերը հոն պահելու համար: Այդ սրբագործուած հողերուն վրայ ձեւաւորուած է մեր ցեղը, մեր ժողովուրդը, մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, մեր պատմութիւնը, մեր կեանքը: Այդ լեռներուն ու ձորերուն մէջ մարմին առած է մեր ազգային նկարագիրը, մեր ինքնութիւնը:
Այդ հողերը, Արեւմտեան Հայաստանը մե՛րը եղած է:
Եւ մենք, Արեւմտահայերս, կը հաւատանք որ օր մը, այդ հողերուն պիտի վերատիրանանք:
Ժամանակին, Ասորական կայսրութիւնը կար: Ժամանակին Հռոմէական Կայսրութիւն կար: Ժամանակին Արաբական, Մեծն Բրիտանիոյ, Նափոլիոնի, Սպանական եւ այլ ժողովուրդներու կայսրութիւնները կային, որոնք անպարտելի կը համարուէին: Ո՞ւր են անոնք հիմա: Ո՞ւր է Օսմանեան Կայսրութիւը: Ո՞ւր է Սովետական Միութիւնը … Ես, եւ ինծի պէս միլիոնաւոր Արեւմտահայեր կը հաւատանք որ պիտի գայ օրը երբ այսօրուան Թուրքիան ալ պիտի բզկտուի եւ բոլոր անիրաւուած ազգերը, բոլոր ցեղասպանուած ազգերը իրենց հալալ հողերուն պիտի վերատիրանան:
Արեւմտեան Հայաստանը ՀԱՅԿԱԿԱՆ Է: ԱՅԴ ԵՐԿԻՐԸ Մ՛ԵՐՆ Է:
Կարծեմ Պրն. Վարչապետը գիտէ որ 1800-ական թուականներէն սկսեալ Օսմանեան Կայսրութիւնը սկսած էր հայաջնջման պետական քաղաքականութեան: Վստահաբար գիտէ որ Սուլթան Համիտը 300,000 հայեր ջարդեց: Անշուշտ լսած է Ատանայի ջարդի մասին: Կասկած չունիմ որ կարդացած է 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Այս ահաւոր Ցեղասպանութեան որպէս հետեւանք, Արեւմտահայաստանը պարպուեցաւ իր երեքհազարամեայ բնիկներէն եւ նորաստեղծ Թուրքիան «տէրը դարձաւ» մեր պատմական հողերուն, մեր Արեւմտեան Հայաստանին (Կիլիկիան ալ ներառեալ):
ՄԵՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ Է ՊԱՀԱՆՋԵԼ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀՈՂԵՐԸ: Եւ ոչ միայն մեր հողերը, այլ այն ամէնը որ մեզմէ խլուեցաւ: Մէկ ու կէս միլիոն մեր նահատակներուն արեան գինը (եթէ արիւնը գին ունի), մեզմէ խլուած մեր հարստութիւնները եւ ամէնը որ 1915 թուականէն ասդին արտահանուած է մեր հողերէն: Մեր կործանուած մշակութային կոթողներուն հատուցումը, մեր անգին ձեռագիրներուն հատուցումը եւ տակաւին կարելի է շարքը երկարել:
Շատ մեծ սխալ է հաւասարի նշան դնել «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի եւ «Արեւմտեան Հայաստան»ի միջեւ: Մին չգոյ է, զարանցանք է, միւսը՝ դառն իրականութիւն, պողպատեայ գիրերով գրուած ճշմարտութիւն, արիւնով ամրագրուած փաստ: Պատմական անուրանալի իրաւական փաստ:
Ինծի համար շատ ցաւալի է հաստատելը որ բազմաթիւ արեւելահայեր պատրաստ են մոռնալ մեր պատմական հողերը, Արեւմտեան Հայաստանը, առաւելագոյն պարագային զայն նկատել՝ շահու աղբիւր: Այդ չէ՞ պատճառը արդիօք որ այսօրուան իշխանութիւնները «Պատմական Հայաստան»ը կը հակադրեն «Այսօրուան» կամ «Իրական» Հայաստան»ի հետ: Կը մոռնան «Պատմական Հայաստան»ը: Մեր Հայաստանը մէ՛կ է: Ամբողջական Հայաստանը, Արեւմտահայաստանով եւ Արեւաելահայաստանով: «Ներկայ Հայաստան»ով եւ «Պատմական Հայաստան»ով, Արցախն ալ ներառելով (Կիլիկիայի մասին՝ կը մտածենք):
Հաւանաբար ակնարկուի որ Պրն. Վարչապետը «քաղաքականութիւն կը խաղայ»: Թշնամին գոհացնելու քաղաքականութիւնը («Appeasement Policy») միայն վնաս կը բերէ: Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմէն անմիջապէս առաջ, Անգլիոյ Վարչապետ Նէվիլ Չեմպըրլէյն փորձեց Միւնիխի Համաձայնութեամբ (29 Սեպ. 1938) գոհացնել Ատոլֆ Հիթլէրին երբ ան Չեխոսլաւագիան գրաւեց: Հիթլեր աւելի գորոզացաւ եւ սկսաւ պատերազմը: Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը երբե՛ք պիտի չգոհանան մեր հրամցուցած «գոհացնելու քաղաքականութենէն»: Թուրքերը, ըլլան անոնք Ատրպէյճանցի թէ Թուրքիացի, շատ ճարպիկ եւ խորամանկ դիւանագէտներ են: Միակ լեզուն որմէ անոնք կը հասկնան՝ ուժի լեզուն է: Եթէ ուժ ունիս՝ իրաւոնք ունիս: Եթէ տկար ես, պարտուած ես, ստիպուած ես խոնարհելու, հնազանդելու եւ իրենց կամքը կատարելու: Ալիեւը ցոյց տուաւ որ երբե՛ք պիտի չգոհանայ, նոյնիսկ եթէ իր անցեալի բոլոր պահանջքները կատարուին:
Դաս պէտք է առնենք Ատրպէյճանէն, Ալիեւէն:
Երբ Արցախի առաջին պատերազմին Ատրպէյճանը պարտուած էր, ան երբե՛ք տեղի չտուաւ հայկական կողմի պահանջքներուն: Շնորհիւ Տէր Պետրոսեան – Քոչարեան – Սարգիսեան եռեակ նախագահներու ագահ անմտութեան, ինչպէս նաեւ Օսկանեան – Նալպանտեան Արտաքին Գործոց Նախարարներու ոչ-ճիշդ դիւանագիտութեան, Ալիեւը ժամանակ շահեցաւ եւ ինքզինք զինեց ամենաարդիական զէնքերով (մենք ալ մեր զէնքերը գործածեցինք … առիւծ որսալով): Արդիւնքը կարծեմ բոլորիս ծանօթ է: Այսօր, մեր ալ իշխանութիւններուն մտածուած քաղաքականութիւնը, դիւանագիտութիւնը պէտք է ըլլայ ժամանակ շահիլ եւ զինուիլ: Պէտք չկայ «շուտիկութիւն» ընելու, աճապարելու որ «Խաղաղութեան Դաշինք»ը կնքենք: Դիւանագիտական բոլոր «էնդրիքներ»ը պէտք է գործածենք ժամամնակ շահելու եւ զինուելու: Ատրպէյճանի իւրաքանչիւր պահանջքին դիմաց մե՛նք ալ նոր պահանջքներով պէտք է գանք եւ ժամանակ շահինք: Անոնք մեր «Անկախութեան Հռչակագիր»ին «բարեփոխո՞ւմ»ը կը պահանջեն, մենք ալ իրենց Սահմանադրութեան «բարեփոխումը» պէտք է պահանջենք – հայելիի հաւասարութեամբ:
Նախորդ յօդուածս վերնագրած էի «Միայն Զէնքով Կայ Հայոց Փրկութիւն»: Կա՞ն մարդիկ որոնք համաձայն չեն հետս: Խնդրեմ … Ճիշդ է որ մենք միայն 2.5 – 3 միլիոն բնակչութիւն ունինք Հայաստանի մէջ (Ատրպէյճան + Թուրքիա 100 միլիոնի դիմաց), բայց Իսրայէլն ալ միայն 9.757 միլիոն բնակչութիւն ունի աւելի քան հարիւր միլիոն արաբներու եւ մէկ միլիառ մահմետականներու դիմաց: Բայց, իր զինուորական ահաւոր ուժին եւ վերջին հարիւր տարիներու իմաստուն եւ հեռատես դիւանագիտութեան եւ էնդրիքներուն պատճառով, այսօր կը տեսնէք թէ ո՞վ է աշխարի մէկ կարեւոր մասին կառավարիչը … : Պատճառ մը կա՞յ որ մենք ալ չհամախմբուինք եւ միասնաբար չ’աշխատինք մեր արդար իրաւունքն ու բաժինը ունենալու: Մենք տակաւին չենք օգտագործեր Հայաստանի իգական սեռի ներուժը: Ինչո՞ւ աղջիկները բանակին մէջ չեն ծառայէր ինչպէս Հրեայ աղջիկները կը ծառայեն իրենց հայրենիքը պաշտպանելու: Աշխարհի մէջ այսօր 65 եւ աւելի երկիրներ կան, ուր աղջիկներուն բանակին մէջ ծառայելը պարտադիր է: Արդիօք մեր աղջիկներուն եղունքնե՞րը կը վնասուին … :
Ուրեմն, Պրն. Վարչապետ, հաւասարի նշան մի՛ դնէք «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի եւ «Արեւմտեան Հայաստան»ի միջեւ: Ատրպէյճանի հետ «բանակցութիւններ»ը օգտագործեցէք, շահագործեցէք, չարաշահեցէ՛ք ի պահանջեալ յարկին, ժամանակ շահելու: Զինեցէ՛ք մեր բանակը եւ ապագային նայեցէք լաւատեսութեամբ եւ արդար հպարտութեամբ: Ապագայի սերունդները պիտի օրհնեն կամ անիծեն Ձեզ, նայած Ձեր որոշումներուն եւ գործունէութիւններուն արդիւնքին:
Մեր բանակը չպարտուեցաւ 44 օրեայ պատերազմին: Դաւաճանուեցանք: Պատժեցէ՛ք այդ դաւաճանները արդար բայց շատ խի՛ստ պատիժներով եւ պատրաստուեցէք ապագայ խաղաղութեան:
Խաղաղ ապրելու համար պէտք է պատրաստուիլ պատերազմի:
Պատերազմի պատրաստուելու համար պէտք է զինուիլ:
Իսրայէլը ՝ օրինակ մեզի … :
Վարդգէս Գուրուեան
Լոս Անճելըս