Շաբաթ՝ 7 Մարտ 2020-ին, Ուաշինկթընի Սուրբ Գիրքի թանգարանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուած է Տաթեւի վանական համալիրի մանրակերտը եւ Տաթեւի թանգարանային հատուածին մէջ գտնուող 15-16-րդ դարերու հայկական խաչքարի կրկնօրինակը:
Ցուցանմուշները թանգարանին նուիրած են «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամը եւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը` «Տաթեւեր» ճոպանողիի կառուցման եւ «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի մեկնարկին 10-ամեակին ընդառաջ:
«Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրի ծիրէն ներս կ՛իրականացուի Հայաստանի 9-րդ դարու հոգեւոր, մշակութային եւ լուսաւորչական կեդրոններէն մէկը հանդիսացող Տաթեւի վանական համալիրի վերականգնումը: Մշակութային ժառանգութեան պահպանումը IDeA հիմնադրամի հիմնական ուղղութիւններէն մէկն է, որուն մասին կը վկայեն հիմնադրամի 150-է աւելի ծրագիրՆերը` միտուած մշակութային ժառանգութեան պահպանմանն ու վերականգման Հայաստանի եւ հայկական աշխարհի մէջ:
Նուիրուած գործերը պիտի դառնան Ուաշինկթընի Սուրբ Գիրքի թանգարանին մէջ Տաթեւի վանական համալիրը ներկայացնող մշտական ցուցանմուշներ: Անոնք պիտի ցուցադրուին նաեւ ««Աստուածաշունչ». Հայաստանը եւ Սուրբ Գիրքը» խորագիրով մեծ ցուցահանդէսին` 2021-ի Սեպտեմբերէն մինչեւ 2022-ի Մարտ ամիսը: Ցուցահանդէսը նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստանին` քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն առաջինն ընդունած երկիր:
«Տաթեւի վանական համալիրը պիտի ունենայ առանձնայատուկ դեր նշեալ ցուցահանդէսին: Յուսով ենք` ցուցահանդէսի այցելուները կ’ոգեշնչուին եւ ցանկութիւն կը յայտնեն այցելելու տեսարժան վայրերով հարուստ պատմական Տաթեւ: Ասիկա պիտի ըլլայ առաջին մեծածաւալ ցուցահանդէսը Հայաստանի եւ Աստուածաշունչի մասին, որ առանձնայատուկ կերպով պիտի շեշտէ ամերիկահայերու եւ սփիւռքի կապը Սուրբ Գիրքի հետ: Անիկա պիտի ըլլայ նաեւ առ այսօր արհեստագիտականօրէն ամենաառաջադէմ ցուցահանդէսը Հայաստանի մասին եւ պիտի ներառէ բազմաթիւ արուեստի նորգործութիւններ, որոնք երբեք չեն ցուցադրուած արտերկրի մէջ»,- ըսած է Ուաշինկթընի Սուրբ Գիրքի թանգարանի ցուցահանդէսներու գլխաւոր համադրող Ջեֆրի Քլոհան:
Այցելուները պիտի ծանօթանան հայերէն Աստուածաշունչին, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, ծիսակատարութիւններուն եւ պատարագին, հայոց լեզուին եւ այբուբենին, հայ եկեղեցական արուեստին եւ մշակութային ժառանգութեան, Հայոց ցեղասպանութեան, հայերու ազգային ինքնութեան վերականգնման եւ վերածնունդի պատմութեան` անբաժանելիօրէն կապուած Աստուածաշունչի հետ: