ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Օգոստոս 31-ին, Ուիլեըմ Սարոյեանի 110-րդ տարեդարձին առիթով եւ նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի, Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ներկայացում մը, որուն ընթացքին Գրիգորեան լուսարձակի տակ առաւ 20-րդ դարու ամերիկեան գրականութեան կարեւորագոյն դէմքերէն մէկը հանդիսացող Սարոյեանի իրագործումները, ստացած մրցանակները, ներառեալ՝ «Փուլիցըր»-ն ու «Օսքար»-ը, ինչպէս նաեւ անոր ձգած ստեղծագործական հարուստ ժառանգութիւնը։
Գրիգորեան նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց այս առիթով Լոս Անճելըսի Կեդրոնական հանրային գրադարանին մէջ կայանալիք մշակութային երկու ձեռնարկներուն եւ զանոնք կազմակերպողներուն մասին։ Անոնցմէ մէկն է լուսանկարչական գործերու ցուցահանդէս մը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 7։ Հոն կը ցուցադրուին Պօղոս Պօղոսեանի այն լուսանկարները, որոնք կ՛առնչուին Սարոյեանի Հայաստան կատարած վերջին այցելութեան, որ տեղի ունեցաւ հեղինակի մահէն (1981) անմիջապէս առաջ։
Երկրորդ ձեռնարկը՝ Ուիլեըմ Սարոյեանի երբեք բեմ չհանուած եւ չհրատարակուած թատրերգութիւններէն տեսարաններու անդրանիկ բեմականացումն է, որ կայացաւ Լոս Անճելըսի Կեդրոնական գրադարանի «Թէյփըր» թատերասրահը՝ Սեպտեմբեր 15-ին:
Մրցանակակիր թատերագիր ու բեմադրիչ Արամ Գույումճեան, որ համադրած է այս նախաձեռնութիւնը, նաեւ պիտի բեմադրէ «Վիսթա Փլէյըրզ» թատերախումբին ներկայացումը:
Գրիգորեան եւ իր կինը՝ Թամար, նպաստած էին այս ձեռնարկներու կազմակերպման, համագործակցութեամբ Լոս Անճելըսի Կեդրոնական գրադարանի ուսումնասիրութեանց եւ յատուկ հաւաքածոներու պատասխանատու Անի Պոյաճեանի-Պողիկեան եւ Արամ Գույումճեանի։