«Բայց եւ ինչպէս ամէնքդ ալ, վերջին պահուն, ձեր դիմաց
Երազային, շատ պայծառ ուրիշ Արեւ մը տեսաք»:
Վահան Թէքէեան
Սիրե՜լի Փարամազ, սիրելի Քսաննե’ր,
«Պայազիտի» արիւնոտ հրապարակէն մինչեւ «Ազատութեան» թաւշային հրապարակը, ողջոյն ունինք ձեր ընկերներէն, որովհետեւ նոյն գաղափարաբանութիւնն է, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
«Իսկ Ս.Դ.Հ.Կ.- ը կը կոչուի մայր կուսակցութիւն, ոչ թէ որովհետեւ ամենահին կամ առաջին կուսակցութիւնն է եղած, այլ որովհետեւ ծնունդ առած է ուղղակի ժողովուրդին ակունքէն ու ծոցէն»: .- (Գերշ. Աբգար Սրբազան)
Ս.Դ.Հ. կուսակցութեան 130 ամեակը կը փառաբանուէր «Centre Armenie» ի մէջ:
Կիրակի, 8 Յուլիս 2018:
Տիար Կիրակոս Թիւթիւնճեան՝ Ս.Դ.Հ. կուսակցութեան կեդրոնական վարիչ անդամ եւ Տիար Համբիկ Սարաֆեան՝ ատենապետ Ս.Դ.Հ. կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան, իրենց ներկայութեամբ ու բանախօսութեամբ արժեւորած էին օրուայ հանգամանքը: Երկուքն ալ հպարտօրէն պարզեցին կուսակցութեան ազգային ու համազգային, մարդկային ու համամարդկային եւ վերջապէս գաղափարական սկզբունքներու պահպանումի համար, ամենաթանկագինը՝ կեանքի գինը:
Իսկ ամենահետաքրքրականը, թէ երկուքն ալ, երբ իրենց խօսքը ուղղեցին երիտասարդութեան, յորդորեցին զգոյշ մնալ մենատիրութենէն ու առաջնորդ ունենալ միասնական ոգին իբրեւ նախապատուութիւն:
Իրենց վերջին խօսքը՝ թէ, – մեր հաւատամքը մեր հայրենիքն է ու Արցախը:
… Եւ յայտագիրը սահուն կերպով կ’ընթանար:
* Մարիա Նուպարեան դեռատի օրիորդը ասմունքեց «Հնչակեան 20 վկաները» (Վ. Թէքէեան) ցնցիչ էր ու զգացումով լի: Որմէ յետոյ արտասանեց «Ես իմ անոյշ Հայաստանի»-ի տարբեր վարկածը: Հաճոյքով բաղդատեցինք Չարենցի եւ Արամայիս Սահակեանի նմանութիւնը:
* Պրն. Կարէն Մանուչարեան զգացումով նուագեց (Ջութակ) Սայաթ Նովայի «Քամանչա»-ն Արտեմի Այվազեանի «Աղջկայ երգ»-ը եւ «Կռունկ»-ը Կոմիտասի:
Վայելեցինք «Սասունցիներու պարը» Գէորգ Էմինի երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը:
Տիկ. Սիլվա Քարաօղլանեանի դիւրահաղորդ ոճն ու լեզուի մաքուր առոգանութիւնը մեզ հմայեց: Պիտի փափաքէինք զինք լսել աւելի յաճախ:
* Կարելի չէ աննկատ անցնիլ Տիկ. Մարօ Քարաօղլանեան-ի բացման խօսքին: Յստակօրէն ու անսայթաք կերպով, ներկայացուց Ս.Դ. Հ. կուսակցութեան 130ամեայ անցած ուղին ամբողջացնելով տեսաերիզի ցուցադրութիւնը, որ շատ գեղեցիկ ձեւով պատրաստուած էր:
Տարիներ ծառայած ու հաւատարիմ իրենց ուխտին՝ Պրն. Վահան Գազանճեան եւ Պրն. Գրիգոր Տէմիրճեան յարգուեցան պատուագրերով: 130ամեակի յանձնախումբին այս ժէսթը
մեծապէս գնահատուեցաւ:
Վերջին խօսքը առաւ ( խօսքէն փունջ մը՝ սոյն յօդուածին սկիզբը կը գտնուի) Գանատահայոց թէմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան:
Զօրեղ այլ անոյշ հոգեւոր իր շունչին տակ կար եւ գողտրիկ աշխարհականը, կարծես ժամանակի ու այժմէական սրընթաց արագութեան հետ ընթացք պահած էր Սրբազան Հօր արտայայտութիւնը: Եւ ան վերջացուց ըսելով,- պարե’նք, «Սասնա պարը՝ Արարատի լանջին»:
Սրբազան հօր պահպանիչով վերջ կը գտնէր այս փառաւոր հանդիսութիւնը՝ հպարտութեան զգացումներով լեցնելով ներկաներուն հոգին:
Վե՞րջ կը գտնէր…
Չե’մ կարծեր…
Վերջ չէր գտներ… այլ կարծես աւելի թարմացած ու վերակենդանացած էր այդ հպարտութեան զգացումը:
Քսաններու տեղ, հազարներ շարունակեցին ու կը շարունակեն այդ առաքելութիւնը:
«Պայազետի բարձունքէն՝ ես
Վաղուան հունձքը տեսայ…»:
(Գառնիկ Ադդարեան)
Պերճ Գոգորեան