Չինաստան Հայաստանին կը նուիրէ շտապ օգնութեան 200 նոր մեքենաներ

Օգոստոս 30-ին, կառավարութիւնը իր հերթական նիստի ընթացքին հաստատեց որոշում մը, որու հիման վրայ Հայաստան կ՛ընդունի Չինաստանի կողմէ նուիրուող շտապ օգնութեան 200 նոր մեքենաները:

«Նախագիծով կը նախատեսուի շտապ օգնութեան մեքենաները եւ անոնց օժանդակ սարքաւորումները նուիրաբերել Երեւանի եւ մարզերու մէջ գործող բժշկական կազմակերպութիւններուն՝ շտապ օգնութեան աշխատանքը կազմակերպելու նպատակով: Ասով ամբողջութեամբ կը բաւարարուի Հայաստանի մէջ առկայ ամբողջ պահանջքը, եւ շտապ օգնութեան կանչերու մերժման խնդիր պիտի չունենանք», յայտնեց առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան՝ ըստ որուն, մարզերը նոյնպէս պիտի ունենան վերակենդանացման սարքերով օժտուած մեքենաներ, որոնց միջոցաւ հիւանդները պիտի տեղափոխուին Երեւան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց չինական կողմին կարեւոր եւ անհրաժեշտ աջակցութեան համար:

«Այս օգնութիւնը եւս մէկ անգամ կ՛ընդգծէ հայ-չինական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը: Համոզուած եմ, որ այդ յարաբերութիւնները յառաջիկային էականօրէն պիտի զարգանան եւ նոր մակարդակի պիտի բարձրանան»,- ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: