Պանծալի Հանդիսութեամբ Մոնթրէալի Ռ.Ա.Կ. Էօժէն Բաբազեան ակումբը նշեց Ռ.Ա.Կ-ի 97-րդ ամեակը

Խուռն բազմութեամբ լեցուն էր Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան հանդիսասրահը Կիրակի, 11 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամի 6:30-ին, կազմակերպութեամբ Ռ.Ա.Կ. Էօժէն Բաբազեան Ակումբին: Գնահատելի էր ներկայութիւնը տեղւոյս հայկական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, որ կը ցոլացնէր փոխադարձ յարգանքի եւ գործակցութեան գնահատելի ոգին: Բոլորը ժամանած էին  ներկայ գտնուելու եւ իրենց պարտքը կատարելու՝ հանդէպ երկարամեայ ազգանուէր հայրենաշէն բացառիկ գործունէութիւն ունեցող կուսակցութեան մը, որ այսօր հպարտութեամբ կը տօնէր իր ծննդեան 97-րդ տարեդարձը:

Օրուան հանդիսավար Տիկին Սալբի Հալաճեան Մարկոսեանի հրաւէրով երիտասարդ ու խոստմնալից արուեստագիտուհի օր. Քլոյէ Պալեանը յաջողութեամբ կատարեց Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգները: Հանդիսավարուհիին սրտառուչ եւ հակիրճ բացման խօսքերէն ետք, Մոնթրէալի ՌԱԿ Էօժէն Բաբազեան ակումբի խօսքը ներկայացուց Կարինէ Թաշճեան որ ամփոփ սակայն համապարփակ կերպով ներկայացուց Ռ.Ա.Կ-ի ազգանուէր ծառայութիւնները հայ ժողովուրդի ճակատագրական պատմական հանգրուաններու շարքին մէջ: Ապա համայնքիս հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեանը հրաւիրուեցաւ. ան ներկայացուց շնորհաւորական ջերմ խօսքեր ու  գնահատելէ ետք կազմակերպիչ մարմնին ճիգերը, փոխանցեց Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանի շնորհաւորական ջերմ պատգամը: Սրբազան Հայրը այդ օրերուն կը գտնուէր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:

Ձեռնարկի որակաւոր գեղարուեստական յայտագիրը կը սկսէր օր. Քլոյէ Պալեանի երգեցողութեամբ, ուր ան վարպետօրէն կատարեց Գէորգ Էմինի «Կռունկ գնա» հայրենաբաղձ երգը եւ արժանացաւ պրաւոներու, որմէ ետք բեմ կը բարձրանար Հիւսիսային Ամերիկայի բեմերու վաստակաւոր ասմունքող Շուշան Մելքոնեանը, որ խոր զգացականութեամբ ներկայացուց փունջ մը Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւններէն, թափանցելով ներկաներուն հոգիներէն ներս եւ արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու:

Գեղարուեստական բաժինը կը շարունակուէր կատարողութեամբ՝ երիտասարդ թաւջութակահար Լեւոն Մարկոսեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ տիկին Մարինէ Էքիզեանի, որոնք ներկայացուցին իսկական virtuosi մակարդակով երկու դասական գեղեցիկ  հայկական կտորներ՝ Կոմիտասի «Երկինքն ամպել ա» եւ  Ալեքսան Յարութիւնեանի «Impromptu»ն, որոնք ներկաները պահ մը փոխադրեցին կախարդական աշխարհ: Յատուկ գնահատանքի արժանի է պատանի թաւջութակահար Լեւոն Մարկոսեանի տաղանդաւոր մատուցումը: Իրեն կը մաղթենք երաժշտական միջազգային բեմերու վրայ արժանի յաջողութիւն.

Օրուայ պատգամախօսն էր Նիւ Եորքէն յատկապէս հրաւիրուած, Ռ.Ա.Կ-ի Գերագոյն Խորհուրդի անդամ եւ վարիչ  քարտուղար, ծանօթ մտաւորական եւ ազգային գործիչ ընկ. Յակոբ Վարդիվառեանը: Ան իր կուռ ելոյթով ընդգծեց Ռ.Ա.Կ-ի համարեա մէկ դար երկարող ժամանակակից պատմութեան ընթացքին կատարած անփոխարինելի դերը հայ աշխարհին մէջ, նշելով նաեւ թէ ՌԱԿ-ի արմատները կ’երթան շատ աւելի հեռու, մինչեւ Արմենական կուսակցութեան ստեղծումը, որպէս հայ առաջին քաղաքական կազմակերպութիւնը:  Յարգելի բանախօսը բազմաթիւ օրինակներով հաստատեց Ռ.Ա.Կ-ի առաքելութիւնը, ճակատագրական քաղաքական զարգացումներու ընդմէջէն կարենալ ապահովելու մեր ժողովուրդի վերապրումը: Ան յատուկ կերպով շեշտը դրաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան որդեգրած անվերապահ հայրենասիրական դերին վրայ, Հայաստանի երեք հանրապետութիւններուն ընթացքին, սկսելով 1918-էն մինչեւ այսօր, որպէս ջատագովը թաւշեայ յեղափոխութեան. Ներկաները լի ու լի ըմբոշխնեցին ընկեր Վարդիվառեանի հռետորական ելոյթը:

Օրուայ այս բացառիկ առիթով Ակումբիս վարչութիւնը կը պարգեւատրէր  չորս վաստակաւոր կուսակցական ընկերներ՝ ընկ. Արսէն Նուպար Մամուրեանը, ընկ.հի. Վարդուհի Պալեանը, ընկ. Մանուէլ Սաղըրեանը եւ ընկ. Մարգար Տիրատուրեանը, որոնք երկար տարիներու ընթացքին անսակարկ եւ անձնուրացութեամբ աշխատած են եւ սատար հանդիսացած կուսակցութեան միջոցաւ ծառայելու մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերուն ի նպաստ: Ռ.Ա.Կ Գերագոյն Խորհուրդի անդամ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան եւ Մոնթրէալի Էօժէն Բաբազեան ակումբի ատենապետ ընկ. Արա Պալեան իրենց հետ ունենալով Թ.Մ.Մ-ի կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ ատենապետ   Տօքթ. Յարութիւն Արզումանեանը եւ օրուայ պատգամախօս  ընկ. Յակոբ Վարդիվառեանը  մի առ մի  պարգեւատրեցին ընկերները, իրենց նուիրելով յատուկ յուշատախտակներ ու ընկ. Վարդիվառեանի վերջին աշխատանքին՝ «Համապարփակ պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» պատկառելի Գ. Հատորը, առ ի գնահատանք իրենց երկարամեայ ազգանուէր գործունէութեանց:

Եւ վերջապէս, Ակումբիս ղեկավարներն ու պարգեւատրեալները միասնաբար հատեցին օրուայ կարկանդակը եւ ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին:

Մեր Սրտագին շնորհաւորութիւնները Ռ.Ա.Կ-ի տարեդարձին առթիւ  եւ ջերմ մաղթանքները դէպի նորանոր ազգանուէր նուաճումներու:

Ս. Հ. Մ.