«Պայմաններու հարկադրանքով ամէն գաղթական պէտք է ունենայ մէկ ու միակ ուղղութիւն, որ Հայրենիքն է»
Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու միջկուսակցական հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 24 Փետրուար 2016-ի երեկոյեան, Թէքէեան կեդրոնին մէջ, Ժըմմէյզի, Պէյրութ:
Հանդիպումը առիթ մըն էր քննարկելու Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը յուզող քաղաքական եւ ազգային հարցեր:
Ժողովականները լիբանանահայութեան անվտանգութիւնը ամէն քաղաքական կամ կուսակցական շահերէ վեր դասեցին եւ ինչպէս պատմականօրէն եղած է` ծրագրեցին միասնաբար դիմագրաւել Լիբանանի եւ շրջանի քաղաքական ու ապահովական այն բոլոր խնդիրները, որոնք կրնան ժխտական ազդեցութիւն ունենալ լիբանանահայութեան վրայ:
Սուրիահայութեան հարցով ժողովականները իրենց անվերապահ նեցուկն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին սուրիահայ հայրենակիցներուն եւ որոշեցին աւելի եւս համակարգուած ու ծրագրուած կերպով հասնիլ անոնց պէտքերուն:
Ժողովականները մաղթելով հանդերձ, որ սուրիահայութիւնը չլքէ իր ծննդավայրը, շեշտեցին, որ պայմաններու հարկադրանքով ամէն գաղթական պէտք է ունենայ մէկ ու միակ ուղղութիւն, որն է հայրենիքը` Հայաստան ու Արցախ:
Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին, ժողովականները կազմեցին Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման միջկուսակցական մարմինը, որ շուտով պիտի անցնի իր աշխատանքներուն:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ