Վերջերս, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ բողոքած է հայաստանէն յայտնելով, որ տարածաշրջանին մէջ արդէն խաղաղութիւն կայ, բայց խաղաղութեան պայմանագրի համար կարեւոր է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերջ դնէ իր Սահմանադրութեամբ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներուն եւ դադրեցուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի բոլոր գործունէութիւնը։
«Պայմանագրի ստորագրման համար կարեւոր է, որ Հայաստանը իր Սահմանադրութեամբ եւ այլ օրէնսդրական արձանագրութիւններով վերջ դնէ Ատրպէյճանի դէմ տարածքային յաւակնութիւններուն, ինչպէս նաեւ դադրեցուի անցեալի մասունք հանդիսացող ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի եւ անոր հետ կապուած բոլոր հիմնարկներու գործունէութիւնը» ,- ըսած է Ալիեւ: