Հայաստանը, մեր երկրի մշակոյթն ու պատմութիւնը պիտի ներկայացուի 2019 թուականի Պրազիլի փառատօնի ընթացքին: Նախաձեռնողը Սամպայի աւանդական եւ կարեւորագոյն դպրոցներէն մէկն է` Սան Փաուլոյի «Ոսկէ վարդեր» (Rosas de Ouro) խումբը: Շքերթը պիտի կրէ «Կեցցէ Հայաստան» խորագիրը:
Պրազիլաբնակ Գէորգ Պեսնիլեանի միջոցով «Ոսկէ վարդեր»-ու նախագահ Անժէլինա Պազիլիոն կը ծանօթանայ հայերու պատմութեան, մշակոյթին: Անոր շատ կը գրաւէ հայերու տաքարիւն, խանդավառ ու զուարթ բնաւորութիւնը: Խումբը կ’որոշէ յաջորդ տարի կայանալիք փառաօնին ընթացքին իրենց շքերթին ներկայացնել Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը:
Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ Պրազիլէն դուրս ապրող առաջին հայն է, որ պաշտօնապէս հրաւիրուած է մասնակցելու փառատօնին:
«Ամերիկայի մէջ կայացած համերգէն յետոյ այցելեցի Սան Փաուլօ: Առիթը ունեցայ ծանօթանալու եւ շփուելու Պրազիլի հայերու հետ: Ընկերներէս մէկուն միջոցով «Ոսկէ վարդեր» խումբն իմացած էր, որ Սան Փաուլոյի մէջ կը գտնուի հայ երգչուհի մը: Այս առիթէն օգտուելով` խումբի անդամները խնդրած են, որ ես իրենց խումբի 47-րդ տարեդարձին առիթով հայերէն կատարեմ «Տարեդարձ է այսօր» երգը: Երբ երեկոյի ընթացքին ծանօթացայ կազմակերպիչներուն հետ, անոնք հետաքրքրուեցան իմ պատմութեամբ, գործունէութեամբ: Գնահատելով իմ կատարած աշխատանքս` առաջարկեցին մաս կազմել 2019 թուականի փառատօնին»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Սիպիլ` աւելցնելով, որ առաջարկը զինք շատ ոգեւորած է, քանի որ այս առիթն օգտագործելով` կրնանք Հայաստանն ու հայ ազգը ծանօթացնել օտարներուն եւ մեր ձայնը լսելի դարձնել:
«Երբ ծանօթացայ շքերթի պատրաստման ընթացքին, կարուող հագուստներուն ու պատրաստուող քանդակներուն, շատ յուզուեցայ: Մտածեցի, որ շատ մեծ PR պիտի ըլլայ մեր երկրին համար եւ անգամ մը եւս ամբողջ աշխարհի մէջ լսելի կ’ըլլայ Հայաստանի անունը»,-նշեց Սիպիլը:
Աւելցնենք, որ շուտով «Ոսկէ վարդեր»-ու պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ պիտի ըլլան նախագահ Անժէլինա Պազիլիոն, վարչութեան տնօրէն Աննա Պալթինիերին, ընկերային բաժինի պատասխանատու Վանեսսա Տիասը, առեւտրային գծով ղեկավար Ռենատօ Քանտիտոն, արուեստի գծով տնօրէն Անտրիա Մաչատոն, Սիպիլը, Ներսէս Եգիներեան, պիտի ժամանէ Հայաստան: