Հայաստանի իշխանութիւնները յանձնառու են Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան գործընթացին, սակայն մենք խոր մտահոգութիւններ ունինք Ատրպէյճանի յանձնառութեան հարցով՝ նկատի առնելով այս երկրի ռազմատենչ հռետորաբանութեան ու սին խոստումներու հարուստ աւանդը, այս մասին ԱՄՆ Աթլանթեան Խորհուրդի մէջ վերջերս տեղի ունեցած «Արդեօ՞ք Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Խաղաղութեան Եզրին Են» նիւթով քննարկումին ըսած է Ամերիկայի հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայան Արտունի։
Անոր խօսքին համաձայն, վառ ապացոյցներէն է այն, որ 2020-ի եռակողմ համաձայնագիրով Ատրպէյճան պարտաւորուած էր ազատ արձակել բոլոր ռազմագերիները, սակայն 2020-էն վերջ Պաքու նոր ռազմագերիներ վերցուցած է Արցախի նախկին ղեկավարութենէն, որոնք կը մարմնաւորեն ազատութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը։
Պրայան Արտունի մասնաւորապէս շեշտած է Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի անունը՝ նշելով, որ ան մարդասիրական նախագիծեր իրականացուցած է աշխարհի մակարդակով, հարիւրաւոր նախագիծեր իրականացուցած է Արցախի մէջ՝ շէնցնելով այս երկիրը, սակայն այժմ, ի թիւս Արցախի միւս նախկին ղեկավարներուն, կը գտնուի ատրպէյճանական բանտին մէջ եւ կ’ենթարկուի տարատեսակ կտտանքներու։
«Այսօր անոնք կը մնան բանտերու մէջ՝ իրենց ընտանիքներուն հետ հաղորդակցելու քիչ հնարաւորութեամբ։ Ոմանք կտտանքներու կ’ենթարկուին», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ անոնցմէ ոչ ոք պատշաճ կերպով չի կրնար օգտուիլ օրէնքով սահմանուած իր իրաւունքներէն։
«Իսկապէս դժուար է պատկերացնել խաղաղութեան անկեղծ գործընթաց Ատրպէյճանի հետ, երբ այս երկիրը կը շարունակէ քաղաքական բանտարկեալներ, պատանդներ պահել», ըսաւ ան՝ յիշեցնելով, որ վերջերս Եւրոպական Միութիւնը, ԱՄՆ քոնկրեսականները Ատրպէյճանին կոչ ուղղած են խաղաղութիւն հաստատելու, որուն շրջանակին մէջ ազատ կ’արձակուին այս մարդիկ։