Հովանաւորութեամբ՝ Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիի, նախաձեռնութեամբ՝ վաստակաւոր դերասանուհի եւ բեմադրիչ Սիրարփի Աճէմեանի, գրական-գեղարուեստական ձեռնարկ նուիրուած՝ եղերաբախտ մտաւորական, բժիշկ, բանաստեղծ եւ գեղանկարիչ Ռուբէն Սեւակի, որ տեղի ունեցաւ 5 Մայիս 2019 Կիրակի, յետ միջօրէին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ։
Սրահը լեցուն էր գրասէրներու հոծ բազմութեամբ։ Ներկայ էին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան եւ Միջ-Յարանուանական մարմնի ատենապետ Յակոբ Ճանպազեան։
Օրուայ հանդիսավար Եդուարդ Պալեան ներկաները ողջունելէ ետք հակիրճ տողերով ծանօթացուց գեղարուեստական բաժնին մասնակցող արուեստագէտները, ինչպէս նաեւ արուեստագիտուհի Սիրարփի Աճեմեանն ու օրուայ բանախօս Շահան Տէղիրմէնճեանը։
Նախ հանդէս եկան շնորհալի երգչուհի Արմենիա Սարգիսեան, որ իր քնքուշ ձայնով ընկերակցութեամբ՝ դուդուկահար Ճանիկ Ստեփանեանի գեղեցկօրէն մեկնաբանեց Կոմիտասի « Տլէ եաման » եւ Ալեքսէյ Հեքիմեանի « Կռունկ բարով դառնաս » կտորները, որոնք արժանացան ներկաներու ջերմ գնահատանքին։
Շահան Տէղիրմէնճեան մանրամասն տեղեկութիւններով եւ հետաքրքրական դրուագներու մէջբերումներով ներկայացուց Ռուբէն Սեւակի կեանքը եւ գործերը։ Մերթ ընդ մերթ Սիրարփի Աճէմեան իր զգայուն եւ դերասանական ոճով արտասանեց Ռուբէն Սեւակի « Վերջին օրօր », « Թրուպատուր » ները եւ « Վերջին հայերը » բանաստեղծութիւնները։ Տիկին Աճէմեան արժանացաւ ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն։
Հանդիսութեան աւարտին Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան բեմ բարձրանալով իր փակման խօսքը կատարեց վեր առնելով Սիրարփի Աճէմեանի արժանիքները։
Հայր Սուրբը հետեւեալ կերպով արտայայտուեցաւ՝« Արժանաւոր ու բազմավաստակ Տիկին Սիրարփի Աճէմեան իրեն կեանքի եւ ասպարէզի որպէս կողմնացոյց եւ բնաբան ընտրած է «Պահէ աւանդը» կարգախօսը ու ահա երկարամեայ տարիներու ընդմէջէն ան ոչ միայն պահած է պահպանած այլ գուրգուրացած է եւ այդ խորանին ծառայելով ընծայած եւ զոհաբերած է իր էութեան լաւագոյնն ու հարստագոյնը։ Այս պահուն յարգալիր ու խանդագին կը խոնարհինք Սիրարփի Աճէմեանի տքնաջան եւ արգասաբեր բեղուն վաստակին, որով ան գեղարուեստին, գիրին ու գաղափարին անսակարկ ու յարատեւ նուիրումովը իր դրական եւ անփոխարինելի ներդրումը կատարած է հայ մշակոյթի անդաստանի նուիրման սպասարկութեան ծառայութեան մէջ։» Հայր Եղիան բարեմաղթութիւններ կատարելով շարունակեց իր խօսքերը « Սիրարփի Աճէմեան իր երիտասարդ կորովով ու նաեւ իմաստուն եւ հարուստ անցեալի փորձառութեամբ բայց մանաւանդ իր իմաստութեամբ շարունակեց երկար տարիներ հայ մշակոյթի աւանդը պահել, գուրգուրալ, ջերմացնել եւ փոխանցել հայութեան, յատկապէս արտասահմանի բոլոր խաւերուն։» Հայր Եղիան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ գրասէրներուն ու կազմակերպիչ յանձնախումբին։
Ձեռամբ Հայր Եղիայի յուշապնակ մը յանձնուեցաւ օրուայ բանախօս Շահան Տէղիրմէնճեանին, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հովիւին եւ Թորոնթոհայ Թատերասէրներու Խմբակի Ատենապետ Տօքթ. Պերճ Արթինեանի անունով Տիկին Աճէմեանին յանձնուեցաւ Յակոբ Ճանպազեանի կողմէ բծախնդրութեամբ պատրաստուած գնահատագիր մը։ Ապա բոլոր արուեստագետները ստացան գեղեցիկ ծաղկեփունջեր։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։ Ներկաներ անգամ մը եւս առիթը ունեցան վայելելու վաստակաւոր դերասանուհի եւ բեմադրիչ Սիրարփի Աճէմեանը։