Ռուսահայ գործարարներ ներդրումներ կը կատարեն սահմանամերձ գիւղերու մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ շրջաններու  զարգացման եւ ամրապնդման հարցերուն նուիրուած կլոր սեղանին ընթացքին Ռուսիայէն ժամանած, ծնունդով Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններէ գործարարները արծարծեցին զիրենք յուզող հարցերը:

Ռուսիոյ Օմսկ մարզի հայ համայնքի ղեկավար Արայիկ Թաթոյեան նշեց, որ այսօր կան մարտահրաւէրներ, որոնք կը պահանջեն կայծակնային արագութեամբ կողմնորոշուիլ, որովհետեւ մեծ հարցեր կան սահմանամերձ գիւղերուն մէջ:

«ՀՀ սահմանամերձ գիւղերուն մէջ խնդիրները բազմաթիւ են՝ կազը, լոյսը, ջուրը, մանկապարտէզները, հիւանդանոցները եւ այլն: Այսօր մենք ունինք շարք մը խնդիրներ, եւ յոյս ունիմ, որ, այստեղ հաւաքուելով, կ՛ամփոփենք ատոնք եւ կը փորձենք լուծումներ տալ: Մենք պէտք է զարգացնենք մեր սահմանամերձ եւ մնացած բոլոր գիւղերը», նշեց Թաթոյեան, որ Մարտունի շրջանի Ներքին Գետաշէն գիւղէն է:

Թաթոյեան մեծ հարց կը նկատէ իր գիւղէն բազմաթիւ գետաշէնցիներու արտագաղթը: Ան ընդգծեց, որ իրենք տարբեր պայմաններով միջոցներ կը ստեղծեն, որպէսզի բոլորը վերադառնան հայրենի գիւղ եւ շարունակեն աշխատիլ Հայաստանի մէջ:

«Օմսկի մարզը Ռուսաստանի մէջ երրորդն է, ուրկէ մեր հայրենակիցները կը վերադառնան Հայաստան: Ներքին Գետաշէն գիւղին մէջ արդէն իսկ կայ գիշերային լուսաւորութիւն, հիւանդանոցներ, մանկապարտէզներ, ճանապարհներն ասֆալտապատուած են եւ մեծ աշխատանքներ կը տանինք նաեւ այլ կառոյցներ ունենալու համար: Մեր գիւղին մէջ վերջին 5-6 տարուան ընթացքին աճած է ծնելիութիւնը»,- ըսաւ Օմսկի հայ համայնքի ղեկավարը:

Ռուսիոյ Կեմերովոյի մարզի հայերու միութեան ներկայացուցիչ Գէորգի Անտոնով ընդգծեց, որ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարի պաշտօնակատար Սուրէն Պապիկեանի հետ պայմանաւորուած են, որ պատասխանատուութիւն պէտք է կրեն Արարատի մարզի Երասխ գիւղին օժանդակելու եւ բարելաւելու համար:

«Երասխի գիւղապետի հետ արդէն իսկ պայմանաւորուածութիւն ունինք, որպէսզի ան մեզի տարածք տրամադրէ, ուր մենք արտադրութիւն սկսենք: Նորագոյն արտադրութիւն պիտի ըլլայ՝ բաղադրեալ ամրաններու, որոնցով Հայաստանի մէջ մէկ կազմակերպութիւն կը զբաղի:

Այդպիսով մենք պետութեան հարկ կը վճարենք, աշխատատեղեր կը ստեղծենք», շեշտեց Գէորգի Անտոնով:

Մոսկուայի մէջ, 8 Յուլիսին տեղի ունեցած էր Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ շրջաններու զարգացման եւ ամրապնդման հարցերուն նուիրուած առաջին լայն քննարկումը, որուն ներկայ եղած էր Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարի պաշտօնակատար Սուրէն Պապիկեան՝ իր ղեկավարած պատուիրակութեան հետ: