«ՍԱՐՈՒԽԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ» ԵՐԳԻԾԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ

Հայ մեծ երգիծանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանի ծննդեան 120-ամեակին նուիրուած  միջոցառումներու  շրջանակէն ներս, Եգիպտական Երգիծանկարի Ընկերութեան ու Երգիծանկարչութեան Թանգարանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուեցաւ «Սարուխան Կը Վերադառնայ»  երգիծանկարչական ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի` Մարտ 26-ին, Ալթահրիր Լաունկ Կէօթէ  կեդրոնէն ներս։

Միջոցառման ներկայ էին Եգիպտոսի մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիար՝ Կարէն Գրիգորեան, Քուպայի Դեսպան՝ Թանիա Աճիար Ֆէրնանտէզ, Եգիպտական Երգիծանկարի Ընկերութեան Նախագահ՝ Տիար Կոմաա Ֆարահաթ, Երգիծանկարչութեան Թանգարանի հիմնադիր՝ Տիար Մուհամմէտ Ապլա, Ա. Սարուխանի յարգարժան ընտանիքը, միջազգային ու եգիպտական մամլոյ հեռուստաընկերութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մշակութասէր հոծ բազմութիւն մը։

«Սարուխան Կը Վերադառնայ» ցուցահանդէսը, նոյնանուն խորագիրը կրող երգիծանկարի մրցոյթին մասնակցած գործերէն կազմուած՝ 60 երգիծանկարի ընտրանի մըն էր։

Անցած տարուան՝ 2018-ի Դեկտեմբերին յայտարարուած այս մրցոյթին մասնակցեցան 180 երգիծանկարիչներ՝ 45 երկիրներէ, որոնք մրցոյթին ներկայացուցին աւելի քան 250 գործ։

Ցաւ ի սիրտ, աշխարհի ամենատարբեր երկիրներէն երգիծանկարիչներ ընգրկած այս մրցոյթին միակ հայ ներկայացողը, Գահիրէի Գալուստեան-Նուպարեան Ազգային Վարժարանի դասարանի աշակերտուհի՝ տասնհինգամեայ Ռիթա Գէորգեանն էր, որուն շատ բարձր գնահատեց Սարուխանին ընտանիքը։

Եգիպտական Երգիծական Ընկերութեան անդամ՝ Տիար Ֆաուզի Մորսիի նախագահած այս մրցոյթին դատական ատեանը կազմուած էր իտալացի, պրազիլցի եւ եգիպտացի արուեստագէտներէ։

«Սարուխան Կը Վերադառնայ» երգիծանկարչական մրցոյթին առաջին մրցանակի դափնեկիր հանդիսացաւ քուպացի՝ Եօմնիս Տէլ Թօրօն, որուն կողքին պատուոյ հինգ  մրցանակներ շնորհուեցան եգիպտացի, սպանացի, փորթուկալցի եւ չինացի արուեստագէտներու։

Մեծ երգիծանկարիչին ընտանիքը, ջերմապէս շնորհաւորելով բոլոր դափնեկիրները, Ա. Սարուխանի գործերէն կազմուած «Ալպոմ» մը նուիրեց անոնց։

Երգիծանկարչութեան Թանգարանի հիմնադիր՝ Մ. Ապլան իր սրտի խօսքին մէջ ընդգծեց Ա. Սարուխանի ո՛չ միայն հայ եւ եգիպտացի էութիւնները, այլեւ աշխարհահռչակ ճանաչումը, որուն անվիճելի փաստերն էին մրցոյթին աշխարհի չորս ծագերէն դիմող մասնակիցները…

Տիար Ապլան հպարտութեամբ նշեց որ երգիծանկարի արուեստը յստակ երկու շրջան ունի՝ Սարուխանէն առաջ եւ Սարուխանէն վերջ…

  • •••••

Սարուխանին տունն էր «Արեւ»- ը. անոր մարդկային եւ հայրենանուէր խոհերուն ու գործերուն հարուստ օրրանը։

Զարմացած չենք մենք, որպէս «Արեւ»-ի խմբագրութիւն, այս մրցոյթին եւ ցուցահանդէսին ունեցած համաշխարհային եւ եգիպտական մեծ արձագանգէն, քանզի մինչեւ  ողնածուծը ազգային մը ըլլալուն հետ, անմիջական եւ համամարդկային իր հանճարեղ գործերով՝ համաշխարհային անփոխարինելի արժէք մըն է Սարուխան. սերունդէ սերունդ փոխանցուող, մեզի հետ ապրող եւ վերաիմաստաւորուող իրականութիւն մը։

Այս ուրախ առիթով, կը շնորհաւորենք Մեծ երգիծանկարիչին յարգարժան ընտանիքը, նորանոր յաջողութիւններու ջերմագին մաղթանքով։