«Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը կը տեղեկացնէ, թէ տասնըմէկուկէս տարուան բանտարկութեան դատապարտուած պոլսահայ այլախոհ մտաւորական Սեւան Նշանեան Սուլթանհիսարի բանտի բաց հատուածէն փոխադրուած է նոյն բանտի փակ հատուածը:
«Տեղեակ չեմ փոխադրութեան պատճառներուն մասին: Զինք փակ հատուած փոխադրելու մասին տեղեկութիւնը ճի՛շդ է: Սակայն այդ փոխադրութեան պատճառը ո՛չ ոք գիտէ: Այդ մասին կ՛իմանամ զինք այցելելէ ետք», ըսած է Նշանեանի փաստաբաններէն Մուրատ Աքչը: