«Յիշատակ սրբոց նահատակացն, որք կատարեցան յընթացս հայոց ցեղասպանութեան, վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց».
Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2019ի երեկոյեան ժամը 7։30ին, Թորոնթոյի Միջ-Յարանուանական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի ոգեկոչական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ։
Սուրբ Պատարագը մատուցեց գանատահայոց Փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան։ Ս. խորանին սպասարկեցին հայ եկեղեցիներու բարեշնորհ սարկաւագներ։
Շարականներու երգեցողութիւնները ներդաշնակ կերպով կատարուեցան եկեղեցիներու դպրաց դասերուն կողմէ, ղեկավարութեամբ՝ Անուշ Գալստեանի, նուագակցութեամբ՝ Սոնա Արթինեանի։ Դասին մէջ ներկայ էին Հոգշ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան՝ Առաջնորդական փոխանորդ եւ հոգեւոր հովիւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Գերյ. Տ. Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան՝ հովիւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, Տ. Հարոլտ Նահապետեան՝ Անկլիքան եկեղեցւոյ հովիւ եւ օրուայ բանախօս՝ Միհրան Ճիզմէճեան (Հայ Աւետարանական եկեղեցի), ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։
Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ բարեխօսական արարողութիւն։
Օրուան բանախօս եւ Միջ Յարանուանական Մարմնի ատենապետ՝ Միհրան Ճիզմէճեան իր «Մեծ Եղեռնը եւ Մենք» բանախօսութիւնը սկսաւ հետեւեալ մտքով.- «Քանի մը օրեր առաջ Յիսուսի չարչարանքներուն, խաչելութեան եւ հրաշափառ Յարութեան տօնը նշեցինք։ Այսօր հաւաքուած ենք մեր յարգանքի տուրքը տալու սրբադասուած Մեծ եղեռնի մեր նահատակներու անմահ յիշատակին, հաւատալով որ «Մահ Իմացեալ Անմահութիւն է»։ Մեծ Եղեռնը մեր ժողովուրդին համար եղաւ համազգային աննախընթաց աղէտ մը։ Սփիւռքի թէ Հայրենիքի մէջ չկայ հայ մը որ մօտէն կամ հեռուէն կրած չըլլայ 20րդ դարու առաջին այս ցեղասպանութեան հետեւանքները։
Բանախօսը իր խօսքը վերջացուց հետեւեալ մտքով.-Մեր նահատակներուն կտակին հաւատարիմ մնալու համար պէտք է մոռնանք մեր մեծ ու փոքր ես-երը, կողմ-երը եւ անհատական շահերը, փարուելով միայն հոգեկանին։
Ապրիլեան սգատօնը այսօր փոխուած է Ապրիլեան Փառատօնի»։
Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ Թորոնթոյի «Նայիրի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Վազգէն Գալճեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ՝Սոնա Յովսէփեանի, ներկայացնելով «Տէր Զօր», « Թող Հնչեն Շեփոր» երգերը։
Շնորհակալական եւ փակման խօսքով հանդէս եկաւ Հոգշ. Տ. Գեղարդ վրդ. Քիւսպէկեան։ Գերշ. Տ. Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեանի «Պատհպանիչ»ով ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ, որմէ ետք ներկաները հետեւելով թափորին, հոգեւորակններուն հետ ուղղուեցան Նահատակաց Յուշարձան, ուր զետեղեցին մեխակներ։
Եկեղեցւոյ «Յովնանեան» ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։