«Շաամ Թայմզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, թէ սուրիական բանակը ազատագրած է Լաթաքիոյ շրջանի շարք մը գիւղեր, որոնց կարգին հայաբնակ Ղնեմիէ գիւղը, որուն բնակչութիւնը հեռացած էր գիւղէն 4 տարի է ի վեր՝ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու ներխուժման պատճառով։
Ղնեմիէն եղած է հայաբնակ գիւղ։ Ղնեմիէի մէջ կը գտնուի հայ առաքելական Ս․Գէորգ եկեղեցին, որ կառուցուած է 1875-ին Ղնեմիէի ժողովուրդին կողմէ։ Սակայն տեղացի ծերունիներու վկայութեան համաձայն, 1875-ը նորոգութեան թուական կը համարուի, մինչ եկեղեցին մօտաւորապէս 300 տարուայ հնութիւն եղած է։
1959-ին, օրուայ առաջնորդ Ղեւոնդ Արք․Չէպէեանի նախաձեռնութեամբ ծրագրուած է կիսաքանդ եկեղեցւոյ հիմնական կառուցումը։ Պաշտօնական հիմնարկէքը կատարուած է 9 Օգոստոս 1959-ին, իսկ նորաշէն եկեղեցւոյ օծումը՝ 31 Յուլիս 1960-ին, ձեռամբ Ղեւոնդ Արք․ Չէպէեանի։ 1997-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ․Առաջնորդութեան կողմէ վերանորոգուած է գմբէթը։
1991-ին շրջափակին մէջ կառուցուած է Ս․Գէորգ եկեղեցւոյ սրահը։
Տեղին է յիշել, որ նախքան սուրիական պատերազմը Ղնեմիէ գեղատեսիլ գիւղին մէջ սուրիահայ միութիւններ իրենց տարեկան ճամբարներն ու արշաւները կը կազմակերպէին։ Իսկ ամէն տարի Ս․ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի հանդիպակաց Կիրակին ուխտագնացութիւն կը կազմակերպուէր դէպի Ղնեմիէի Ս․ Գէորգ եկեղեցի։