Սուրիահայ Գէորգը զարդեղէն պատրաստած է Քիմ Քարդաշեանի եւ թեւնոցներ System of a Down-ի տղոց համար

 

Սուրիահայ Գէորգ Տոշօղլանեանը կը վիրաւորուի, երբ արծաթագործութիւնը կ՛անուանեն արհեստ…կ՛ըսէ, անիկա արուեստ է, արուեստի իւրայատուկ ճիւղ: «Ո՞ւր տեսած էք, որ նախշերը, իւրայատուկ ձեւուածքները, մտքի թռիչքն ու կատարելութեան ձգտումը համարուի արհեստ: Սա գեղագիտութիւն է, իւրայատուկ մօտեցում: Սա արուեստ է »,-­կ՛ըսէ Գէորգը ու կ՛աւելցնէ, որ մետաղին շունչ ու հոգի տալը այդքան ալ դիւրին գործ չէ: «Նախ պէտք է սիրել, չափազանց շատ սիրել, ապրիլ քու գործովդ ու հաճոյք ստանալ աշխատանքէդ »,-­ «Արմենփրես»-­ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Գէորգը:

Ան կը պատմէ, որ Հալէպէն Երեւան տեղափոխուելու ընթացքին շատ դժուարութիւններ տեսած է, մարդկային չարութիւն, տեխնիկական խնդիրներ, հիասթափութիւն, սակայն միշտ հաւատացած է, որ կամքի ուժը ամենահզօր զէնքն է ու կարեւորը չկոտրուիլն է: «Աշխատասէր մարդը ամէն տեղ ալ իր գլխուն ճարը կը տեսնէ, կ՛ուզէ Երեւան ըլլայ , կ՛ուզէ Հալէպ կամ աշխարհի որեւէ այլ անկիւն, թէկուզեւ անապատ »,- կ՛ըսէ Գէորգը` աւելցնելով, որ երեք տարուայ ընթացքին մէկ ժամ ազատ ժամանակ չէ ունեցած, ունեցած է հարիւրաւոր պատուէրներ եւ ձգտած է իւրաքանչիւր զարդի միջոցով արտայայտել իր ներաշխարհը:

Երեւանի մէջ Գէորգին գլխաւոր նպատակն ու ցանկութիւնը իր ոլորտին մէջ մեծ յաջողութիւններու հասնելն է. Հալէպի մէջ ան յայտնի արծաթագործ Ճորճն է, կը ցանկայ, որ այստեղ ալ վաստակի նոյն յարգանքը: Նոյն այդ պատճառով եղած են դէպքեր, երբ օրերով չէ քնացած, որպէսզի ստեղծէ իւրայատուկ զարդեր, որոնք որեւէ տեղ չեն կրկնուիր:

«Ես կը սիրեմ յատուկ ըլլալ, կը նախընտրեմ չարչարուիլ, բայց միւս վարպետները չկրկնել: Թող զիս կրկնօրինակեն, բայց ես միշտ առաջինը ստեղծեմ, իւրայատուկ գործեր ընեմ »,- կ՛ըսէ­ Գէորգը:

Ան կը պատմէ, որ այս տարիներու ընթացքին բազմաթիւ յայտնի յաճախորդներ ունեցած է: Կ՛ըսէ` ունի նաեւ մշտական յաճախորդներ, որոնք միայն իրմէ զարդեր կը գնեն: Գէորգին նաեւ կը հրաւիրեն մասնակցելու ցուցահանդէսներու, տարատեսակ ձեռնարկներու:

Քարդաշեանի համար ստեղծած կախազարդն ու System of a down խումբի տղաներուն համար պատրաստած թեւնոցները: Երկու աշխատանքն ալ «Պռեգոմէշ»-­ի հետ համագործակցութեան արդիւնքն է: Քիմի վզնոցը ստեղծած է «Պռեգոմէշ»-­ը, կախազարդը` Գէորգը: Կ’ախազարդի վրայ Գէորգը հայերէնով փորագրած Քիմին անուան առաջին տառը: «Իհարկէ, մեծ պատիւ էր նման աշխարհահռչակ մարդու մը համար կախազարդ պատրաստելը: Չեմ գիտեր, Քարդաշեանը հաւնած է, թէ ոչ, քանի որ ես անոր չեմ հանդիպած, սակայն յոյս ունիմ` իմ չարչարանքս ապարդիւն չէ անցած»,-­ կ՛ըսէ Գէորգը:

Ինչ կը վերաբերի System of a down խումբի տղաներուն, Գէորգը անոնց համար պատրաստած է «1915» մակագրութեամբ թեւնոցներ, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցի եւ ի երախտիք այն մեծ աշխատանքին, որ երաժիշտները կը կատարեն Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին:

Երեւանեան կեանքէն Գէորգը չի դժգոհիր: Չի թաքցներ`Հալէպը կը կարօտնայ, բայց վերադառնալ ալ չի ցանկար: Կ՛ըսէ` կամաց­-կամաց կը սորվի երեւանեան կեանքին ու հայկական մտածելակերպին: Ի թիւս բազմաթիւ այլ դրական բաներու, Գէորգը Երեւանի մէջ սորված է նաեւ գումար խնայել: Եթէ Հալէպի մէջ մէկ ամսուայ վաստակածը կրնար մէկ ժամի մէջ վատնել, Երեւան հասնելով հասկցած է դժուարութեան եւ ապրուստի գինը ու այժմ աւելի շատ կ՛արժեւորէ վաստակած գումարը:

«Բարեւ Հայաստան» նախագիծին նպատակն է ներկայացնել Հայաստանի մէջ հաստատուած եւ իրենց տաղանդին ու կամքի ուժին շնորհիւ յաջողութեան հասած սուրիահայերը: Վստահաբար, նման սուրիահայերը շատ են եւ դրուատանքի արժանի անոնց կատարած աշխատանքը: Համագործակցութեան համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հայկական Կարմիր Խաչ ընկերութեան:

ՅԱՍՄԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ