«ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ 1946-1970 ԹԹ.» ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

Պատմութիւնը անցեալին մէջ չի սահմանափակուիր, միայն յիշողութիւն թարմացնելու չի ծառայեր, պարզապէս դէպքեր եւ դէմքեր լուսարձակի տակ չþառներ, այլ՝ հոգեմտաւոր արժէքներուն գանձարանը կը բանայ եւ կեանքի բազմաբնոյթ մարզերուն պատկերը կը ներկայացնէ, որպէսզի այսօրուան մարդը հաղորդ դառնայ անցեալին, ներկան արժեւորելու եւ ապագան կերտելու տեսլականով։

Աշխարհատարած հայ համայնքները հարուստ անցեալով եւ յիշարժան անցուդարձերով յատկանշուած են։ Այս իմաստով Սուրիոյ հայ համայնքը գաղութներու պատմութեան մէջ ինքնուրոյն տեղ ունի ինքնահաստատման ընթացքով, հայակերտման պայքարով եւ խօսուն երթով։ Ուստի, պատահականութեան արդիւնք չէ հալէպահայ մտաւորական եւ երկարամեայ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի դոկտ. Անի Ֆիշենկճեանի հեղինակած «Սուրիոյ Հայ Համայնքի Պատմութիւնը 1946-1970 թթ.» հատորը։

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Անի Ֆիշենկճեանի գիրքին շնորհանդէսը։

Ներկայ էր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, վերապատուելի համայնքապետը, Արհի. Գերապայծառին ներկայացուցիչը, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, քահանայից դասը, ազգային վարչութեան անդամներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ գրասէրներու հոծ բազմութիւն մը։

Օրուան բեմավարն էր Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան։ Ան բացման խօսքով դիտել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2019 տարին հռչակած է «Հայ Մամուլի Տարի»։ Այս իրողութենէն մեկնելով քահանայ հայրը ըսաւ. «Ուրախութիւն ունինք յայտարարելու, որ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան առաջին արձագանգողը եղաւ Վեհափառ Հայրապետի կոչին, նախաձեռնելով եւ հովանաւորելով հայ մամուլի տարուան առաջին ձեռնարկը՝ այս երեկոյի շնորհանդէսը»։

Ապա հրաւիրուեցաւ հալէպահայ վաստակաւոր մտաւորական եւ հայերէնաւանդ ուսուցիչ տիար Լեւոն Շառոյեան, ներկայացնելու «Սուրիոյ Հայ Համայնքի Պատմութիւնը 1946-1970 թթ.» հատորը։ Շառոյեան հեղինակին՝ դոկտ. Անիին կրթական եւ ուսումնասիրական վաստակին անդրադարձաւ, այնուհետեւ վերլուծական եւ քննական մօտեցումով ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը։ Ան ըսաւ. «Ֆիշենկճեանի յօդուածներուն կարելի է հանդիպիլ շատ մը գրական հանդէսներու մէջ։ Անոնք մասնաւորաբար պատմական նիւթեր կը ներկայացնեն։ Վերջերս Անին նորագիւտ պատեհութիւն ունեցաւ պատմական պրպտումներ կատարելու։ Նոր լոյս ընծայուած այս հատորը աղբիւրագիտական ծանօթագրութիւններու մէկտեղում է։ Բազմաթիւ մէջբերումներուն ընդէմէջէն կը տեսնենք ընդարձակ տեղեկութիւններ զանազան հեղինակներէ։ Հարկ է նկատի առնել թէ դոկտ. Անին վերլուծութեան իր սեփական ոճը ունի»։ Շառոյեան գիրքին գլխաւոր նիւթերուն հպանցիկ ակնարկով մը յայտնեց, որ անոնք ուրուագիծն են քառորդ դարու Սուրիոյ Հայ Համայնքի պատմութեան, թէեւ ոչ ամբողջական։ Ան հետեւեալ ենթաբաժանումները լուսարձակի տակ առաւ.

Ա.- Սուրիոյ համայնքը առաջին աշխարհամարտի նախօրեակին, հայութեան իրավիճակը եւ պարզուած կացութիւնը։

Բ.- Սուրիահայ համայնքը երկրի անկախութենէն ետք։ Գիրքին առանցքը կը կազմէ այս բաժինը որ կը խօսի կրթական համակարգին ունեցած վերիվայրումներուն մասին, որ հետագային բարւոք լուծման յանգած է։

Գ.- Ներգաղթը 1946-1948, ապա 60-ական թուականի մեղմ գաղթը։

Դ.- Սուրիահայութիւնը 1958-էն մինչեւ 1965, ժամանակահատուած մը, որմէ կարելի է քաղել հետաքրքրական տեղեկութիւններ։

Ե.- Սուրիահայ մշակութային կեանքը, որ ամբողջ Սուրիոյ տարածքին մէջ գործող դպրոցներու եւ կիրակնօրեաներու մասին կը խօսի, ինչպէս նաեւ թատերական, գրական, երաժշտական եւ մամուլի ասպարէզին հետ առնչուած ամփոփ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ։

Տիար Շառոյեան գիրքին մէջ տեղ գտած պատմական կարեւոր մատնանշումները, հեղինակին յիշատակած վիճակագրական տուեալները եւ Սուրիոյ հայ համայնքին ինքնահաստատման ճիգերը ներկայացնելով, հեղինակին ուսումնասիրած ժամանակահատուածը նկատեց ինքնահաստատման եւ հայապահպանման փուլ։

Բեմ հրաւիրուեցաւ Սիրուն Պէքմէզեան գիրքէն բաժին մը ընթերցելու։

Բեմավար քահանայ հայրը դոկտ. Անի Ֆիշենկճեանի մասին կարդաց բազմավաստակ մտաւորական Երուանդ Փամպուքեանի վկայութիւնները, որոնք դրական մտածումներ կը դրսեւորէին եւ լրջախոհ մտաւորականի կերպարը լաւագոյնս կը նկարագրէին։

Սրտի եւ երախտագիտութեան խօսք արտասանեց հեղինակը, ան իր գիրքի պատրաստութեան ուղին պարզելով դիտել տուաւ, որ հետեւողական ճիգերու եւ երկարաշունչ ուսումնասիրութիւններու բարերար արդիւնքն է այս հրատարակութիւնը։ Դոկտ. Անին ըսաւ. «Արխիւներ պրպտելով, հաւաստի աղբիւրներու դիմելով, մամուլէն եւ փաստաթուղթերէն տեղեկանք մէկտեղելով, նոյնիսկ շրջաններ այցելելով փորձեցի գիտական աշխատանքի լծուիլ, որպէսզի նոր հորիզոններ բացուին եւ խոչընդոտներ յաղթահարուին։ Ուստի, կարելի եղաւ «Սուրիոյ Հայ Համայնքի Պատմութիւնը 1946-1970 թթ.» հատորը լոյս աշխարհ ընծայել։ Յատուկ շնորհակալութիւն Շահան Սրբ. Արք Սարգիսեանին, որուն անմիջական ցուցմունքները եւ օգտաշատ խորհուրդները աջակցութեան գործնական միջոցներ էին։ Շնորհակալութիւն Պարսումեան եւ Ֆիշենկճեան ընտանիքներուն, Սոնիա Գաբրիէլեանին, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք քաջալեր հանդիսացան գիրքի լոյս ընծայման»։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքը արտասանելով ըսաւ. «Այսօրուան ընտրանի ներկայութիւնը պերճախօս ապացոյցն է համայնքին հոգեւոր արժէքներուն գիտակցութեան։ Ժամանակակից պատմութիւնը մշակելը դժուար գործ է։ Նմանօրինակ աշխատանք ձեռնարկելը կþենթադրէ յանդգնութիւն, քաջասիրտ կեցուածք եւ նպատակասլաց միտք։ Բազմահազար նիւթեր սերտելը, ստուգելը եւ ապա մէկտեղելը համբերութեան կը կարօտի։ Ուրախալի է այսօրուան բարեպատեհ շարժառիթը։ Հալէպահայ մտաւորական դոկտ. Անի Ֆիշենկճեան, երախտարժան գործ կատարած է՝ ներկայացնելով Սփիւռքի սիրտը հանդիսացող «Սուրիոյ Հայ Համայնքի Պատմութիւնը 1946-1970 թթ.»։ Աստուած առատապէս թող օրհնէ զինք եւ յաջողցնէ ծրագիրները»։

Սրբազան Հայրը գնահատեց տիար Լեւոն Շառոյեանի ներկայացումը եւ դիպուկ ընդգծումները, որոնք ընդհանուր պատկեր մը տուին տարուած աշխատանքին շուրջ։

Շնորհահանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական գինեձօնի արարողութիւնը։ Ներկաները ջերմ ծափողջոյններով շնորհաւորեցին հեղինակը՝ մաղթելով նորանոր նուաճումներ։ Ձեռնարկը աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Ներկաները առիթ ունեցան գիրքէն օրինակներ վերցնելու։ Հասոյթը, հեղինակին առաջարկով տրամադրուեցաւ «Դպրոց» հիմնադրամին։

 

Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան