Սրբոց Նահատակաց Թանգարանը. BBC-ն անդրադարձած է Տէր Զօրի հայկական եկեղեցւոյ պատմութեան

Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքին մէջ 25 տարի առաջ եկեղեցի կառուցուեցաւ` նուիրուած 1915-ի կոտորածներու ժամանակ նահատակուած հայերուն: Ճակատագրի հեգնանքով բռնութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած կոթողը այժմ կը կործանուի ռմբակոծութեան հետեւանքով»,- ըստ Tert.am-ի` BBC հեռուստաընկերութիւնը յօդուած հրապարակած է` ներկայացնելով Սուրիոյ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին:

Յօդուածագիրը կը նկարագրէ եկեղեցւոյ կեդրոնը գտնուող դամբարան-սրբավայրը, որ կը ներկայացնէ աւազով պատուած թումբ, որուն գագաթը տեղադրուած են  մարդկային մնացորդներ:

«Ես ցնցուած էի` տեսնելով ոսկորները: Անոնք չեն ստիպեր քեզ սգալ կամ լալ, այլ կը ստիպեն խորասուզուիլ մտքերու մէջ` պարզ, արժանաւոր ու ազնիւ»,- աղբիւրը մէջբերած է բրիտանահայ գրող Նուրիցա Մաթոսեանի խօսքերը, որ եկեղեցի  այցելած էր 2001-ին: Մաթոսեանի նախնիները  նահատակուած են 100 տարի առաջ տեղի ունեցած ոճրագործութեան ժամանակ:

«Տարիներու ընթացքին Տէր Զօրը «մեծ ուխտատեղի դարձած է հայերու համար, բայց Հայ նահատակներու յուշարձանը քառորդ դարէն ալ քիչ մնաց կանգուն: 2014-ին անիկա պայթեցուեցաւ «իսլամական պետութեան» եւ «ալ-քաիտա»-ին կից «ալ-նուսրայի ճակատ» խմբաւորումներուն միջեւ ռմբակոծութեան հետեւանքով»,- կ՝անդրադառնայ յօդուածագիրը:

Աղբիւրը կը նշէ, որ քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն առաջ Սուրիոյ մէջ կը բնակէր 100.000 հայ, որոնցմէ շատերը տեղահանութիւններու ենթարկուածներու ժառանգներ էին: