Վանը, Կարսն ու Համշէնը յայտնուած են Թուրքիոյ ձմեռնային զբօսաշրջութեան ամենակարեւոր վայրերու շարքին

Թուրքիոյ մէջ ձմեռնային զբօսաշրջութեան ամենակարեւոր ուղղութիւններու շարքը համալրած են ներկայիս այդ երկրին  սահմաններէն ներս գտնուող Վանը, Կարսն ու Համշէնը։

Թրքական mynet.com կայքը վարկանշային ցուցակ կազմած է՝ զբօսաշրջիկներուն խորհուրդ տալով անպայման այցելել Աղթամար։

«Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին միջնադարեան հայկական ճարտարապետութեան լաւագոյն օրինակներէն է»,- կ’ըսուի յօդուածին մէջ:

Ցուցակին մէջ երկրորդ տեղը գրաւած է պատմական Համշէնը, ապա Կարսը, Պայազիտը եւ ժամանակակից Թուրքիոյ արեւմտեան շարք մը շրջաններ: